ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Մայիս 7ին հաղորդեց, թէ Ապրիլ ամսուան ընթացքին տնտեսութիւնը 290,000 նոր աշխատատեղ կրցած է ստեղծել, ինչ որ Մարտ 2006էն ի վեր արձանագրուած մեծագոյն ոստումն է այս մարզէն ներս: Յատկանշական է նաեւ, որ այս ոստումին գլխաւոր պատասխանատուն ոչ թէ դաշնակցային կառավարութիւնն է, այլ՝ սեփական մարզը, որ 231,000 հոգիի համար աշխատանքի կարելիութիւն կրցած է ստեղծել: Ասոր կողքին, կառավարութիւնը 66,000 աշխատաւորի ժամանակաւոր գործի կարելիութիւն ստեղծած է, մեծ մասամբ այս տարուան մարդահամարի ծիրէն ներս: Սակայն, հակառակ այս աճին, անգործութեան համեմատութիւնը 9.7էն 9.9 տոկոսի բարձրացած է Ապրիլ ամսուան ընթացքին: Առաջին հայացքով ժխտական նկատուող այս տուեալին ետեւ կարելի է յոյսի նշոյլ մը տեսել, որովհետեւ աճ արձանագրուած է լաւատեսութենէ: Արդարեւ, նախապէս գործ փնտռելէ յուսախաբ 805,000 քաղաքացիներու փնտռտուքին պատճառով է, որ անգործութեան համեմատութիւնը 0.2 տոկոսով աճած է:
Անգործութեան ճակատէն եկող դրական այս տուեալները մնացին մէկ օր առաջ բաժնետոմսերու շուկաները ցնցած իրադարձութեանց շուքին տակ: Ցարդ ոչ մէկ յստակ պատասխան տրուած է մօտաւորապէս կէս ժամուան ընթացքին գրեթէ մէկ եռիլիոն տոլար վնաս պատճառած «Տաու Ճոնզ» սակարանին կրած 1000 կէտերով անկումին: Սակարանը աւելի ուշ վերագտաւ իր կորուստին մեծ մասը:
Յունաստանի տնտեսական տագնապին պատճառած անորոշութեան կողքին, անկումը կը վերագրուի մարդկային սխալի մը կամ համակարգիչներու միջոցաւ կատարուող կայծակնային արագութեամբ առեւտուրին: Սակարանները եւ նոյնիսկ Քոնկրեսը սկսած է հետապնդելու աննախընթաց այս հսկայ վերիվայրումին պատճառը:
Եւրոպայի եւ Ճափոնի մէջ եւս սակարանները Ուրբաթ օր, յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով, յատկանշական վնասներ կրեցին: