
Ալեքս Քալոկնոմոս վերջին 15 տարիներուն իր դերասանական բազմերես ասպարէզին կողքին, թատրոնի եւ շարժապատկերի արուեստներու հետ կապուած զանազան նախաձեռնութիւններու կամաւոր եւ նուիրեալ կազմակերպիչն է: Ան 2006էն ի վեր, կամաւոր օգնականներու օժանդակութեամբ կ՛արտադրէ եւ կը ղեկավարէ AFFMA-ի (Arpa Foundation for Film, Music and Art) «Արփա» միջազգային Ֆիլմի փառատօնը:
«Ասպարէզ»ի գործակից Ճորճ Ատուրեան անգլերէնով զրոյց մը ունեցաւ Ալեքսին հետ:
Ստորեւ՝ սոյն զրոյցին հայերէն տարբերակը.
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ալեքս, Ո՞ւր եւ ե՞րբ ծնած ես. ինչպէ՞ս Լոս Անճելըս հասած ես: Պատմէ՛ մեզի քու մասիդ:
ԱԼԵՔՍ ՔԱԼՈԿՆՈՄՈՍ.- Մայրս եւ հայրս իրար հանդիպած են Հոլիվուտի մէջ, 1964ին, եւ քանի մը տարի ետք ամուսնացած են Հիւսիսային Քարոլայնայի մէջ: Հայրս կը ծառայէր բանակին մէջ՝ կայան ունենալով Ֆայեթվիլի Ֆորթ Պրեկի շրջանը (Հիւսիսային Քարոլայնա): Իսկ ես ծնած եմ 1973ին: Հիւսիսային Քարոլայնայէն փոխադրուած ենք Հոլիվուտ, ապա Սան Ֆրանսիսքօ եւ վերջապէս եկած եւ հաստատուած ենք Լոս Անճելըս: Յաճախած եմ տարբեր դպրոցներ՝ զինուորական վարժարաններ, «Ալէք Փիլիպոս», «Ուիլսըն Ճիւնիըր Հայ», «Թոլ Ճիւնիըր Հայ», «Հուվըր

Հայ»: Նաեւ ՀՄԸՄի սկաուտ եղած եմ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս ինքզինքդ պատրաստեցիր իբրեւ դերասան:
ԱԼԵՔՍ ՔԱԼՈԿՆՈՄՈՍ.- Շատ մարդիկ, իրենց մանկութեան շրջանին կ՛ըսեն, թէ կ՛ուզեն դերասան ըլլալ: Ես ալ իմ կարգիս, այդ մէկը կը զգայի: Այդ էր միակ ուզածս եւ շատ կանուխ՝ մանուկ հասակէս, արդէն միտքս դրած էի դերասան դառնալ: Ուզեցի ըլլալ հեռատեսիլի եւ շարժապատկերի պաստառներու վրայ, սակայն անոր մասին արտայայտուիլը ընտանիքէս ներս շատ մեծ մարտահրաւէր մըն էր ինծի համար, քանի որ ծնողքս այլ մտածելակերպ եւ պատկերացում ունէր յաջող ամերիկացի ըլլալու եւ անոր նշանակութեան մասին:
Հայրս շատ խիստ էր: Շաբթուան օրերուն արգիլուած էր հեռատեսիլ դիտել: Մայրս դպրոցի խորհրդատու էր: Ան պարսկահայ է, իսկ հայրս՝ կէս հայ, իսկ միւս կէսը՝ ռուսայոյն: Ահա թէ ուրկէ կու գայ իմ «Քալոկնոմոս» մականունս, որ հին բիւզանդական ծագում ունի եւ կը նշանակէ «լաւ գիտութիւն»: Իբրեւ գաղթականներ, ծնողքս եւ իրենց ընտանիքները մեծ ճիգով պայքարեցան գոյատեւելու համար: Մայրս կ՛ուզէր, որ ես ալ իմ կարգիս, նոյն ձեւով պայքարիմ: Ան կ՛ուզէր, որ բժիշկ, ճարտարագէտ, ճարտարապետ, փաստաբան կամ դատախազ դառնամ:

Ընտանիքէս եկած ճնշումը կ՛ահաբեկէր զիս: Ես կ՛ուզէի միայն դերասանութիւն ընել: Գերաշխոյժ էի այդ ժամանակաշրջանին: Միշտ հաճոյք զգացած եմ արուեստներէն, երաժշտութենէն, նկարչութենէն, լուսանկարչութենէն եւ դերասանութենէն: Ես բախտը չունէի այս բոլորին մասին արտայայտուելու: Նախակրթարանիս մէջ, այն տարին, երբ «տրամա»ի դասեր պէտք էր առնէինք, այդ դասապահը զեղչեցին ծրագիրէն: Ես յաճախ դպրոցներ փոխած եմ եւ գտնուած եմ այնպիսի ուսանողական ուղղութիւններու վրայ, ուր «տրամա»ի դասեր չկային: Կը պատրաստուէի դառնալ թղթակից եւ փաստաբան:
Վերջապէս, երբ 17 տարեկան էի, որոշեցի լուրջ քայլերու դիմել, եւ երկրորդական ուսումս աւարտելէ ետք, սկսայ ծանուցումներու մէջ դերասանութիւն ընելու, ապա հետեւեցայ դերասանական դասընթացքներու Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ուրկէ՞ կու գայ այս մեծ սէրդ դերասանական արուեստին նկատմամբ:
ԱԼԵՔՍ ՔԱԼՈԿՆՈՄՈՍ.- Խիստ պէտք զգացած եմ հետախուզելու մարդկային իրավիճակի բոլոր երեսները, շոշափելու իրական բան մը իմ ներաշխարհիս մէջ՝ ստանձնելով այլ կերպարի մը դերը: Կը սիրեմ նաեւ պատմումներ պատմել: Կը սիրեմ մարդոց մօտ ծիծաղ յառաջացնել: Կը սիրեմ ուրիշներու հետ կապ հաստատել իմ կատակերգութեան կամ «տրամա»ի միջոցաւ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Գլխաւորապէս թատրո՞նի դերասանութեամբ հետաքրքրուած ես, թէ նաեւ շարժապատկերի:
ԱԼԵՔՍ ՔԱԼՈԿՆՈՄՈՍ.- Թատրոնը կը նախընտրեմ: Թատրոնը այն տեղն է, ուր կը սորվիս մրդոց վրայ ազդել, հանդիսատեսը տանիլ ճամբորդութեան: Թատրոնին մէջ դերասանները կ՛ապրին հանդիսատեսներու ուժով: Այս մէկը խայտանք կը յառաջացնէ:
Բայց ինչպէ՞ս կարելի է շարժապատկերի դերասանութիւնը չսիրել: Ֆիլմի պատրաստութեան գործընթացը եւ արուեստագէտներու միջեւ համագործակցութիւնը անսահման ստեղծագործական են, իսկ ժապաւէնը ընդմիշտ կը գոյատեւէ: Ըրած եմ նաեւ դերասանութիւն երաժշտական վիտէօներու (music video) եւ սրամիտ ծանուցումներու մէջ:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ի՞նչ տեսակի դերեր ստանձնած ես մինչեւ հիմա:
ԱԼԵՔՍ ՔԱԼՈԿՆՈՄՈՍ.- Սկսած եմ UCLA-ի, AFI-ի եւ Art Center-ի ուսանողական ֆիլմերով: Ապա դերեր ստանձնած եմ ծանուցողական տեսաերիզներու մէջ: Յետոյ դերեր ստանձնած եմ հեռատեսիլի շարքերու մէջ, ինչպէս՝ NBC-ի «ER»ին եւ շարժապատկերի ժապաւէններու մէջ, ինչպէս՝ MGM-ի «Տիւսըզ Ուայլտ»ին (Deuces Wild): 2007ին ստացայ Back Stage West Honorable Mention մրցանակ-յուշագիրը Ուիլեըմ Սարոյանի «Ո՞վ կայ այնտեղ» թատերախաղի գլխաւոր դերիս համար: 2009ին նկարուեցայ «Սփէյսմըն Ան Ըրթ» (Speceman on Earth) ժապաւէնին մէջ, որ ցուցադրուեցաւ Քաննի միջազգային փառատօնին, ապա՝ դարձեալ 2009ին, «Տը Ուիչ աֆ Փորթոպելլօ» (The Witch of Portobello) ժապաւէնին, որ ներկայացուեցաւ «Ռոմ» միջազգային փառատօնին:
Շատ գործերու մէջ աշխատած եմ նաեւ Լոռի Թաթուլեանի հետ, որուն ներկայացումները շատ զուարճալի են:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Վերջին քանի մը տարիներուն աշխուժօրէն գործօն մասնակցութիւն կը բերես AFFMA-ի «Արփա» միջազգային ֆիլմի փառատօնին, որուն տնօրէնն ես ներկայիս. պատմէ՛ մեզի այս մասին:
ԱԼԵՔՍ ՔԱԼՈԿՆՈՄՈՍ.- 2000ին, Հոլիվուտի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով ներկայ եղայ Արփա փառատօնին եւ անմիջապէս դարձայ անկախ ֆիլմարուեստի համակիրներէն մէկը: «Արփա» փառատօնի ֆիլմերու ցանկը իր մէջ կ՛ընդգրկէ այնպիսի տեսակաւոր շարք մը, որ ամէն տեսակի ճաշակի գոհացում կու տայ: Արդարեւ, երկու տարի ներկայ գտնուեցայ AFFMA-ի ձեռնարկներուն եւ այնտեղ զիս տանս մէջ զգացի:
2002ին, Սիլվիա Մինասեանը (AFFMA-ի հիմնադիր-տնօրէն-Խմբ.) կարիքը ունէր մէկու մը, որ տանէր կազմակերպչական աշխատանքները. կամաւորներու ալ պակասը կար, փառատօնի բացումն ալ կը մօտենար, ուստի թեւերս սոթտեցի եւ նետուեցայ աշխատանքի: Ելոյթը վարեցի երկու ժամ անընդհատ: Այս մէկը AFFMA-ի հետ իմ ծանօթացումս էր: Այնուհետեւ սկսայ կամաւոր աշխատելու եւ ստանձնեցի ղեկավար պաշտօններ:

2006էն ի վեր կը վարեմ «Արփա» փառատօնի տնօրէնի եւ արտադրողի պաշտօնը՝ ունենալով խումբ մը նուիրեալ օժանդակներու նեցուկը: Կ՛արտադրեմ նաեւ Լոս Անճելըսի Յունական Ֆիլմի փառատօնը, ապա «Օսքար»ներու (Oscars) եւ «Էմմիզ Ըուըրտ»ի (Emmys) ընթացքին տեղի ունեցած «Կավըրնըրզ Պոլ»ի (Governer’s Ball) կազմակերպման աշխատանքներուն կը մասնակցիմ: Կը կազմակերպեմ նաեւ իմ անձնական ձեռնարկներս, որոնք կը յանգին ֆիլմերու արտադրութեան աշխատանքին:
Առաջին ֆիլմը, զոր արտադրեցի, ներկայացուեցաւ Քաննի միջազգային փառատօնի «Կարճ ֆիլմերու անկիւն»ին մէջ:
15 տարիներու աշխատանքէն ետք, ահաւասիկ մեր ամբողջ համայնքը միասնաբար կ՛աշխատի, կը զօրակցինք իրարու եւ կը յառաջանանք՝ «Քասիթաս Սթիւտիոզ»ի (Casitas Studios) բոլոր արուեստագէտները, գլխաւոր «սթիւտիոներու» բազմաթիւ ընկերներ: Այս մէկը մեծ շարժում մըն է եւ ես ուրախ եմ, որ մաս կը կազմեմ անոր:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլոր գործերուդ մէջ:
ԱԼԵՔՍ ՔԱԼՈԿՆՈՄՈՍ.- Շնորհակալութիւն: