ԱՆԳԱՐԱ.- «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի համացանցային կայքը Չորեքշաբթի, Մայիս 12ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիա այցելող Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, թէ Մոսկուա ուշադրութեամբ կը հետեւի եւ կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
«Մենք կը հետեւինք այդ հարցի զարգացումներուն։ Այդ գործընթացը թափ ստացաւ Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ստորագրութեամբ։ Մենք կողմ ենք, որ գործընթացը շարունակուի։ Ատիկա դիւրին գործընթաց չէ։ Յոյսով եմ, որ կողմերը ի վերջոյ կը հասնին անհրաժեշտ համաձայնութեան։ Մենք կ՛աջակցինք այդ գործընթացին եւ մինչեւ վերջ պիտի օգտագործենք գոյութիւն ունեցող հնարաւորութիւնները», յայտարարած է ան։
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին՝ Մետվետեւ ըսած է. «Ղարաբաղեան հարցը Կովկասի մէջ միակ խնդիրը չէ։ Վերջին շրջանին Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ յուսադրող քայլեր իրականացած են։ Հարցի առնչութեամբ քննարկումները կը շարունակուին»։
Ան աւելցուցած է. «Չեմ ուզեր հիմա մեկնաբանել հակամարտութիւնը լուծելու աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները, որովհետեւ նման հիմնախնդիրին պէտք է ցուցաբերել նրբանկատ մօտեցում՝ աւելորդ լարուածութիւն չստեղծելու համար: Պիտի շարունակենք աշխատիլ եւ մօտիկ ապագային հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ»։
Կիւլ, իր կարգին, յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահին հետ համաձայնութիւն ձեռք բերած է՝ «միաւորելու ջանքերը տարածաշրջանային խնդիրներու կարգաւորման ուղղութեամբ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.