ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլեըմզ, Երեքշաբթի, Մայիս 11ին հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ՝ քննելով լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններ։ Հանդիպումէն ետք Ուիլեըմզ յայտնեց, որ քննուած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ արձանագրուած լարուածութիւնը, աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմ մը չի նախատեսեր: Ըստ անոր, ՄԱԿ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կանխարգիլելու համար որեւէ ճակատում:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.