ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ընդառաջելով ՀՅԴ Արխիւներու հիմնարկի խնդրանքին, Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժինը այս տարի եւս յատկացում կատարեց, 25,000 ամերիկեան տոլար, սատարելու համար ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւներու թուայնացման աշխատանքին:
Արխիւներու Հիմնարկի տնօրէն Վաչէ Բրուտեան երախտագիտութիւն յայտնելով Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժինի պատասխանատուներ պր. Մարթին Էսայեանին եւ դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին՝ անոնց այս որոշումին համար, յայտնեց, թէ այս նոր յատկացումը եւս, նախորդին նման, պիտի տրամադրուի արխիւներու եւ անոնց ցուցակներու թուայնացման աշխատանքներուն:
Յայտնենք, թէ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կատարած անցեալի ու ներկայ նուիրատուութեանց շնորհիւ, ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւներն ու անոնց ցուցակները սկսած են թուայնացուիլ՝ համակարգչային դրութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.