ՍԱՈՒԹՖԻԼՏ, Միշիկըն.- Յակոբեան ընտանիքի հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած Միշիկընի պետական եւ հայկական երկրորդական եւ միջնակարգի վարժարաններու աշակերտներուն յատուկ Հակական Ցեղասպանութեան նուիրուած շարադրական տարեկան 3րդ մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցած է Կիրակի, Ապրիլ 25ին, Ս. Յովհաննու Հայց. եկեղեցիին մէջ, աւելի քան 400 հոգիի ներկայութեամբ:
Մրցանակները յանձնեցին հիմնադրամի Հայկական Ցեղասպանութեան յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Էտկար Յակոբեան եւ վարչութեան անդամներ Տէյվիտ Թերզիպաշեան, Փօլ Քուլհանճեան եւ Ռիչըրտ Նորսիկեան յանձնեցին մրցանակները:
Երկրորդական վարժարաններէն առաջին հանդիսացաւ Ճոյ Չըրն (500 տոլար), իսկ երկրորդ եւ երրորդ տեղերը գրաւեցին Արի Սաղրեան (250) ու Ռէյչըլ Էպրեհեմ:
Միջնակարգի մրցանքին առաջին հանդիսացաւ Գարուն Չոլաքեան (250), իսկ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ռայըն Շնայտըր (150) եւ Ուիլ Ռայտնուր (100):
100ական տոլարի մրցանակներ տրուեցան նաեւ իւրաքանչիւր մրցանակակիր աշակերտի ուսուցիչին:
Շարադրութիւնները կարելի է կարդալ www.essaycompetition2010.com համացանցային կայքին վրայ, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (248) 646-7847 թիւին կամ Hagopian@aol.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.