Ապրիլը սուգի ամիս ըլլալու կողքին, ինչպէս բոլորս կ՛ընդունինք, նաեւ վերածնունդի ու յառաջդիմելու ամիս մըն է։ Մեր վարժարանի աշակերտներուն արձանագրած նորանոր նուաճումները շօշափելի փաստն են այն իրողութեան, որ մեր յաջորդ սերունդը պատրատ է տէր կանգնելու իրեն փոխանցուած աւանդին՝ ապահովելով հայապահպանումը։ Ապրիլ 11ին տեղի ունեցած Հայոց պատմութեան զարգացման տարեկան մրցումին, որ բոլոր հայկական վարժարաններու Ը. կարգը ներկայացնող աշակերտներուն միջեւ տեղի կ՛ունենայ կազմակերպութեամբ Արարատ տան, մեր դպրոցի աշակերտները հանդիսացան առաջին։ Մրցումին մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտները՝ Խանլեան Կրէյս, Կիւմիւշեան Գաթրինա, Ճիկէրեան Լոռի, Ռըզեան Սեւակ։ Մրցանքին կազմակերպիչ Յակոբ Արշակունի նշեց, որ թէպետեւ այս տարուան մրցանքին միայն վեց դպրոցներ մասնակցած էին, բայց եւ այնպէս, 11 տարիներու ընթացքին որեւէ մէկ այլ դպրոց չէր կրցած ապահովել մեր աշակերտներուն ձեռք բերած արդիւնքը։ Հոս տեղին է նշել, որ մեր աշակերտները կրցան հարիւրի վրայ 98 կէտով մրցանիշ մը ապահովել։
Երկրորդ յաղթանակը գիտութեան մարզին մէջ էր։ Այս տարի Լոս Անճելըս գաւառի գիտութեան մրցանքին մասնակցող մեր աշակերտներէն երկուքը արժանացան առաջին մրցանքին։ Զ. կարգի աշակերտներէն Ճորճ Խապպազը ստացաւ երկու մրցանակ. ան հանդիսացաւ առաջինը՝ Քալիֆորնիոյ արհեստավարժ ճարտարապետներու կազմակերպութեան մրցանքին՝ ստանալով 500 տոլար գումար մը, եւ պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ Ճարտարապետութեան գործնականացման բաժանմունքին մէջ։ Ը. կարգի աշակերտուհիներէն Խանլեան Կրէյսը հանդիսացաւ առաջին անասուններու բնագիտութեան մարզին մէջ՝ ստանալով ոսկեայ մետալը։ Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Կրէյսը պիտի մասնակցի Քալիֆորնիոյ նահանգային գիտութեան մրցանքին, որ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 17-18ին։ Նաեւ, Ը. կարգէն Ճիկէրեան Լոռին եւ Սարգիսեան Լենան հանդիսացան չորրորդ եւ ստացան պատուոյ յիշատակութիւն, յաջորդաբար հետեւեալ մարզերուն մէջ՝ Նիւթերու գիտութիւն եւ Ընդհանուր ճարտարապետութիւն։
Մեր աշակերտներուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։ Վարձքը կատար մեր աշակերտներուն, իրենց ծնողներուն եւ անշուշտ զիրենք մարզող ուսուցիչներուն՝ հայերէն լեզուի դասատու Լիզա Մանոյեանին եւ գիտութեան դասատու Արթին Պէհինին։
Թղթակցութիւնը
վարժարանէն