ՊԵՏԻԿ
Շարունակելով «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն եւ յատկապէս հայ հասարակութեան մեր ապրած շրջաններէն ներս հայ առեւտրականներն ու հաստատութիւնները ծանօթացնելու ծրագիրը, այս բաժնով կը ներկայացնենք Կլենտյէլի եւ Լոս Անճելըսի սահմանին վրայ գտնուող նորաբաց հայ հաստատութիւնը՝ «MYSTERYBeat Rehersal & Recording Studio»ն:
Հիմնուած՝ 2010ին.
Հասցէ՝ 3223 San Fernando Rd., Los Angeles, CA 90065.
Հեռաձայն՝ (323) 259-5945.
«Սթիւտիօ»ն ունի 3 արտօնատէրեր՝
– Հրայր Աբրահամեան (Jass). Հայկական նուագախումբերէ ներս, երգիչներ Յարութ, Փօլ եւ ուրիշներու հետ աւելի քան 3 տասնամեկներէ ի վեր ծանօթ թմբկահար.
– Նազօ Հատիտեան (Base guitar). Հայ եւ օտար նուագախումբերու մէջ տակաւին կը շարունակէ կիթառով ստեղծագործել: Վկայեալ է «L.A. Recording School»էն:
– Աւօ Աշճեան. ազգային եւ յեղափոխական երգերու երիտասարդ մեկնաբան: Նման երգերով շատ յաճախ Աւոյին ներկայութիւնը կը վայելենք միութենական գեղարուեստական մեր զանազան յայտագիրներէն ներս:
Նշեալ երեք հայորդիներն ալ ունին երգի, եղանակներու եւ երաժշտութեան ու երաժշտական գործիքներու տարիներու փորձառութիւն:
Անցեալ Մարտ 15ին, շրջանի աւելի քան տասնեակ մը հայ յայտնի երգիչներու, որոնց կարգին էին Յարութ, Յովիկ, Արշամ, Արա, Ժոզէֆ, Շաւօ եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ բարեկամներու, ընկերներու եւ ընտանեկան պարագաներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, պաշտօնապէս եւ մեծ հիւրասիրութեամբ մը բացումը կատարուած է հայկական շրջանակէն ներս այս իւրայատուկ փորձի եւ արձանագրութեան սթիւտիոյին:
Մեկնելով նման կեդրոնի մը էականութենէն, հետքրքրքական է նաեւ տեղեկանալ երեք հայորդիներու մտայղացման արդիւնք եղող այս կեդրոնին մասին, որ իր տեսակին մէջ ցարդ չէ ընդհանրացած, իսկ իր մատուցած որակաւոր ծառայութիւնները եղած են անօրինակ:
Կեդրոնը որ կը կոչուի «MYSTERYBeat Rehersal & recording studio», ունի 2500 քառ. ոտք տարածութիւն, օժտուած է մեծ եւ ապահով կանգառով, իսկ կեդրոնէն ներս՝ երաժշտական ձայնագրութեան եւ նուագախումբերու փորձերու յատուկ 5 սենեակներով, որոնց մէջ կը գտնուին նուգախումբերը գոհացնող յարմարագոյն նուագարաններ կամ գործիքներ:
Հետեւաբար, նուագախումբը կամ թմբուկներու վրայ փորձեր կատարել ուզող անհատը իր փորձերուն համար պէտք չունի իրեն հետ բերելու իր ծանր նուագարանները: Այս կեդրոնը արդէն իսկ կը տրամադրէ այդ մէկը:
Ձայնագրութեան եւ նուագարաններու փորձերու տրամադրուած նման կեդրոն մը տակաւին չէ ընդհանրացած: Մեծածախս այս կեդրոնը, որ միաժամանակ ժամադրավայր մըն է հայ եւ օտար երգիչներու, նուագախումբերու կամ երաժիշտներու, առաջին իսկ հերթին պատեհ առիթ կ՛ընծայէ բոլորին իրենց փորձերը կատարելու արդիականցած այս սթիւտիոյին մէջ:
Իրենց փորձերուն համար, երաժշտական գործիքներու վրայ դասընթացքներու հետեւողներ կամ դասատուներ կրնան օգտագործել այս կեդրոնը, յարմար վճարումներով: Կեդրոնը նուագողներու ձիրքերուն բացայայտման ալ կը նպաստէ:
Մթնոլորտ, յարմարագոյն վայր եւ ժամադրավայր: Նման երեք առաւելութիւններ կամ ինչպէս կարելի է որակել՝ բարենիշներ, որոնք կը նպաստեն երաժշտասէրին, կամ երաժշտական գործիքներով ու նուագարաններով զբաղող հայ թէ օտար անհատին:
Ներկայիս, մեկնելով սթիւտիոյին սենեակներու յարմարագոյն վարձքերէն, պարսական, արաբական եւ մեքսիքական նուագախումբեր արդէն իրենց փորձերը հոս կը կատարեն: Սթիւտիոյի դռները բաց են ամէն օր կէսօրէ առաջ ժամը 11էն, մինչեւ կէսգիշերէն ետք ժամը 1:
Այս առաւելութիւններով, ներքին սարքաւորման դասաւորումներով եւ փորձերու յարմար ժամեր ունեցող կեդրոնին պատասխանատուները այս առթիւ կը հրաւիրեն հայ թէ օտար բոլոր երաժիշտներն ու երաժշտանոցներու կամ դպրոցներու պատասխանատուները, որպէսզի այցելութեամբ մը մօտէն ծանօթանան այս հաստատութեան եւ իրենց կարելիութիւնները օգտագործեն:
Շատեր, որոնց մէջ կ՛իյնան երաժշտասէրներ, նուագախումբեր կամ նուագարաններ օգտագործողներ, իրենց փորձերը պարտադրաբար կը կատարեն իրենց բնակարաններէն ներս: Սթիւտիոյի տէրերը կը հաստատեն, թէ նման փորձեր իրենց լաւագոյն արդիւնքը պիտի տան, եթէ կատարուին ձայնային արդիական սարքաւորումներ ունեցող «սթիւտիօ»ներէ ներս:
«MYSTERYBeat Rehersal & recording studio»ն այդ բոլոր առաւելութիւնները ունի նպաստելու համար երաժշտասէրներուն, որպէսզի իրենց տաղանդը յայտնաբերեն, սորվին եւ կամ լսեն ու ստեղծագործեն: