ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ստորագրած է օրէնք մը, որ ամերիկեան իշխանութիւններուն կը դնէ մամլոյ ազատութիւնը ոտնակոխող երկիրներուն նկատմամբ աւելի խիստ քաղաքականութիւն որդեգրելու պարտադրանքին տակ:
Նոր օրէնքին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարտաւոր է աշխարհի մէջ մարդկային իրաւունքներու մասին իր տարեկան զեկոյցին մէջ աւելի լայն տեղ տալ մամլոյ ազատութեան հարցին՝ յատուկ ուշադրւթիւն դարձնելով այն կէտին վրայ, թէ օտար երկիրներու կառավարութիւնները որքանով կ՛օժանդակեն ազատ մամուլ ունենալու ջանքերուն կամ ի՞նչ խոչընդոտներ կը դնեն անոնց առջեւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.