ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Մայիս 17ին, պառակտում ստեղծուեցաւ Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան վերին խաւերէն ներս։ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Տենիզ Պայքալի հրաժարումէն ետք տեղի ունեցող կուսակցապետի պաշտօնին շուրջ պայքարին մէջ, կուսակցութեան ծանր հրետանիներէն Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտնեց, թէ թեկնածու է այս պաշտօնին։
Այս զարգացումը յստակ կը դարձնէ այն իրողութիւնը, որ կուսակցութեան վերին խաւերուն մէջ ոմանք գոհ չէին Պայքալի որդեգրած քաղաքական գիծէն, ու առիթ կը փնտռէին կուսակցութեան ղեկը այլ առաջնորդի մը յանձնելու համար:
Լարուածութիւնը այնքան սրեցաւ, որ Պայքալի կողմնակիցները նոյնիսկ իրենց կուսակից ընկերները սկսան ամբաստանել Պայքալի դէմ դարբնուած դաւադրութեան հեղինակը ըլլալու յանցանքով։
Կ՛ըսուի, թէ 59 երեսփոխաններ արդէն իսկ կողմնակից են Քըլըճտարօղլուի թեկնածութեան, ներառեալ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Էօնտեր Սավ։ Սակայն, կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամները ընդհանրապէս Պայքալի կողմնակիցներ են: Ասոնք անմիջապէս դիրք գրաւեցին Քըլըճտարօղլուի թեկնածութեան դէմ, ու թիրախ ընտրելով Էօնտեր Սավը՝ պահանջեցին, որ ան հրաժարի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնէն։
Նոյն ատեն, կուսակցութեան նահանգային կազմակերպութիւններու ղեկավարները սկսան իրենց շրջաններուն մէջ ստորագրութիւն հաւաքելու, ի յայտ դարձնելով, որ հոն եւս պառակտում գոյութիւն ունի եւ ոմանք կ՛ուզեն, որ Պայքալ վերադառնայ։
Կուսակցութեան շարքերէն ներս կը տիրէ իսկապէս անստոյգ մթնոլորտ։ Այս բոլորը կրնան նպաստել Պայքալին, որովհետեւ Պայքալ յանկարծ կրնայ պնդել, թէ ինք կուսակցութիւնը փրկելու համար պէտք է վերադառնայ կուսակցապետի պաշտօնին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.