
Չորեքշաբթի, Մայիս 19ը անկիւնադարձային օր մըն էր Թայլենտի հակակառավարական Կարմիր շապիկաւոր ցուցարարներուն եւ բանակին միջեւ աւելի քան երկու ամիս առաջ սկսած ճակատումին համար՝ բանակը հրասայլերով յարձակեցաւ Պանքոքի կեդրոնը գրաւած ցուցարարներուն կեդրոնին վրայ, պարտադրելով, որ անոնց գլխաւոր եօթը ղեկավարները յանձնուին իշխանութեանց:
Ներխուժումը առնուազն 12 զոհ խլեց, երկու ամիսներու ընթացքին սպաննուածներուն թիւը հասցնելով 82ի, որոնցմէ 53ը մահացած են անցեալ Հինգշաբթի օր սկսած բախումներուն ընթացքին: Այդ բախումները սկսած էին, երբ բանակը կը փորձէր աստիճանաբար սեղմել ցուցարարներուն շուրջ կազմուող զինուորականներու օղակը:
Ներխուժումէն ետք, ցուցարարները հրկիզեցին Պանքոքի մէջ գտնուող երկրին գլխաւոր սակարանի շէնքը, դրամատուներ եւ կարգ մը լրատուամիջոցներու կեդրոններ, որուն հետեւանքով սակարանը փակ պիտի մնայ մինչեւ այս շաբթուան աւարտը: Ցուցարարներ հիւսիսային եւ արեւելեան Թայլենտի մէջ եւս երկու քաղաքապետարաններ հրկիզեցին:
Քաոսային այս վիճակին վերջ դնելու յոյսով, իշխանութիւնները 10 ժամեայ կրակմարի դրութիւն հաստատեցին երեկոյեան ժամը 8էն ետք, ինչ որ 1992էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը պարտադրուի երկրին մէջ: Այդ թուականին եւս, բանակը տասնեակներով ցուցարարներ սպաննած էր: Այդ ցուցարարները եւս կը բողոքէին բանակին հովանաւորութիւնը վայելող կառավարութեան դէմ:
Ցուցարարներուն մեծ մասը կու գայ հիւսիսարեւելեան Թայլենտի գիւղական շրջաններէն, ուր 2006ին պետական յեղաշրջումով մը իշխանութենէն հեռացուած նախկին վարչապետին ժողովրդականութիւնը կը շարունակէ բարձր մնալ։ Ցուցարարները կը պահանջեն կառավարութեան հրաժարականը, խորհրդարանի լուծարքը ու արտակարգ ընտրութիւններու կայացումը։ Իշխանութիւնները կը մերժեն ընդունիլ այս պահանջները եւ կը պնդեն, թէ կարմիր շապիկաւորները հեռացուած վարչապետին կամակատարը դարձած են: