ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ազգային–քաղաքական մերօրեայ հրապարակումներու ամէնէն արդիական նորամուծութիւնը այսպէս կոչուած «կարծրատիպերը կոտրելու»… նորաձեւութիւնը՝ մո՜տան է։
Տպագիր թէ լուսատիպ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներով՝ հասնողը կ՛ուզէ մուրճի հարուած մը աւելցնել «կարծրատիպերը կոտրելու» գամին վրայ. այն աստիճան, որ բառակապակցական այս եզրը արդէն կորսնցուցած է իր բուն իմաստը եւ տեղին–անտեղի կը գործածուի ամէնուր. մինչեւ անգամ այս օրերուն հայկական հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ քազինոյի գովազդ մը կայ, որ կը պարծենայ «կարծրատիպերը կոտրելու» իր ունակութեամբ…
Մի՛ հարցնէք, թէ ի՞նչ կարծրատիպերէ ձերբազատուելու մասին է խօսքը։ Կարծրատիպին ստուգաբանութիւնը չգիտցողն անգամ կ՛ուզէ նորաձեւութեան հետեւիլ եւ մոտայիկ երեւալ, որպէսզի կարենայ համոզիչ ու ընդունելի դարձնել իր առաջադրած մտածումը, գաղափարը կամ պարզապէս… ապրանքը։
Եւ ինչո՛ւ ետ մնալ նորաձեւութենէն, երբ օրուան կարգախօսը կարծրատիպերը քանդելն է։ Երբ Հայաստանի նախագահն անգամ, նոյնինքն Տէր Զօրի մէջ, կը շեշտէ Թուրքին մասին մեր ունեցած կարծրատիպերը թօթափելու ժամանակակից հրամայականը, այլեւս ինչո՛ւ հասարակ մահկանացուներս պէտք է ետ մնանք… «կարծրատիպերը քանդելու» արշաւէն։
Անշուշտ կարելի չէ անտարբեր անցնիլ այս բոլորին վրայէն, որովհետեւ նորաձեւութեան այս վարակիչ արշաւին մէջ՝ կարծրատիպերը քանդելու կարգախօսով, նաեւ հետեւողական ճիգ կը թափուի պարտկելու եւ վերահաստատելու ճիշդ այն կարծրատիպերը, որոնցմէ շատոնց ձերբազատուած է հայ քաղաքական միտքը։
Առանձին քննութեան արժանի հարց է, անկասկած, «ցեղասպան թուրքին» կարծրատիպը։ Ի վերջոյ կարծրատիպի կը վերածուի որեւէ մտատիպար կամ մտապատկեր, որ ի վիճակի չէ ներքին բնաշրջումի, վերանայումի եւ բիւրեղացումի։ Երբ «ցեղասպան թուրքի» մեր մտատիպարին կամ մտապատկերին մէջ ժամանակի ընթացքին զատորոշում եւ յստակացում չենք մտցներ, որ ամէն թուրք «ցեղասպան» չէ, որ թուրք պետական մտածողութեան որոշակի մէկ ուղղութեան՝ ազգայնամոլութեան մարմնաւորումն է «ցեղասպան թուրքը», երբ թուրքերուն մէջ ի վիճակի չենք ըլլար տեսնելու եւ յարգելու պատմական ճշմարտութիւնը խոստովանող, ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրող թուրքը, այդ պարագային անխուսափելիօրէն կարծրատիպի վերածած կ՛ըլլանք այլապէս դիպուկ բնութագրումը «ցեղասպան թուրքին»։
Բայց հայեւթուրք յարաբերութեանց առընչուող կարծրատիպերու հարցը պահ մը մէկ կողմ թողած՝ կ՛արժէ այսօրուան մտածումը կեդրոնացնել «կուսակցականութեան» կարծրատիպին վրայ, որ հեռաւոր անցեալէն կու գայ, 1988էն ասդին նորովի գլուխ ցցած է, իսկ վերջին մէկ–երկու տարին արդէն ամէնէն «մոտայիկը» դարձած է մերօրեայ գաղափարախօսական քաշքշուքներուն։
Խորհրդային ժամանակներուն, անշուշտ, իրապէս ձեւաւորուած էր «կուսակցութեան» եւ «կուսակցականութեան» կարծրատիպ մը, որ պաշտօնական հրամանագրով եւ քարոզչութեամբ՝ նոյնացուցած էր «պետութիւնն» ու «կուսակցութիւնը», «պետականն» ու «կուսակցականը»։ Կուսակցութեան եւ կուսակցականութեան խորհրդային այդ կարծրատիպը բնականաբար մերժուեցաւ բոլորէն, այդ շարքին նաեւ հայրենի հայութեան կողմէ։
Բայց երբ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը մտաւ իր անկումի եւ փլուզման վախճանական փուլը, նաեւ ու որոշապէս հայրենի մեր իրականութեան մէջ ծայր առաւ ու թափով յառաջ մղուեցաւ ոչ թէ «կուսակցութեան» եւ «կուսակցականութեան» խորհրդային կարծրատիպը քանդելու, այլ ընդհանրապէս կուսակցութիւններն ու կուսակցականութիւնը վարկազրկելու եւ մերժելու գաղափարախօսական բուռն ալիք մը։
Համաժողովրդական շարժման անունով երեւան եկած քաղաքական–գաղափարական խմբաւորումները, հակառակ կուսակցութեանց էատարրերը ունենալու եւ կազմաւորման փուլին գտնուող կուսակցութեանց նախատիպը ըլլալու իրենց խմորումներուն եւ բացայայտ վարքագծին, շեշտակի ու հետեւողական պայքար բացին այսպէս կոչուած «կուսակցականութեան կարծրատիպին» դէմ։ «Հայոց Համազգային Շարժում» կազմելու դրօշին տակ խմբուած քաղաքական–գաղափարական խմբաւորումներուն տիրող մեծամասնութիւնը փաստօրէն ընտրած էր նորօրեայ կուսակցութիւններ կեանքի կոչելու ուղին, բայց ինչ–ինչ հաշուարկներով եւ նկատառումներով պնդեցին նորաստեղծ քաղաքական կազմակերպութիւնը «շարժում», այլ ոչ թէ «կուսակցութիւն» անուանելու տեսակէտին վրայ։
Պետական իշխանութեան ղեկին տիրանալու ռազմավարական իրենց հաշուարկներուն մէջ, այդ ժամանակ տակաւին ձեւաւորման փուլին գտնուող նորայայտ կուսակցութիւններու հիմնադիր գործիչները ուզեցին եւ փորձեցին մէկ քարով երկու թռչուն որսալ։ Նախ՝ խորհրդային Համայնավար կուսակցութեան վարկաբեկ կարծրատիպը քանդելու նշանաբանով, ընդհանրապէս վարկազրկել փորձեցին կուսակցութեան ու կուսակցականութեան արժէքները, որպէսզի հայրենի քաղաքական դաշտը փակ պահուի հայ քաղաքական մտքի ակունքներուն կանգնած տարագիր մեր կուսակցութիւններուն վերադարձին առջեւ։ Ապա՝ աշխատեցան գաղափարախօսական ենթահողը պատրաստել Անձ–Ղեկավարի վրայ հիմնուած կուսակցութեանց առաջացումին, որոնք միայն անուանապէս կուսակցութիւն եղած են ամէնուրեք՝ խորքին մէջ դառնալով Անձնիշխանութեան հաստատման կազմակերպ գործիք մը։
Այդպէ՛ս էր, որ իրաւական ու քաղաքացիական՝ ազատ ու ժողովրդավար հասարակութեանց կազմաւորման եւ յառաջդիմութեան նախապայմանը, իմա՛ բազմակուսակցական դրութեան ու կուսակցականութեան գաղափարական մշակոյթի ձեւաւորումն ու զարգացումը խափանելու, արգելակելու հետեւողական ճիգ թափուեցաւ։
– Կուսակցութիւններն ու կուսակցականութիւնը դատապարտանքի նշաւակ դարձան իբրեւ Ազգին միասնականութիւնը խանգարող, պառակտող եւ խոցող ազդակներ։
– Անկուսակցականութիւնը հռչակուեցաւ նախապայման ու բարենիշ՝ նորայայտ քաղաքական գործիչի մը ժողովրդային խարիսխն ու ժողովրդականութիւնը ամրագրող արժեչափ։
– Անձ Իշխանաւորի ու Պետութեան Ղեկավարի պաշտամունք սերմանելու եւ տարածելու առաքելութիւնը գեր–նպատակ դարձաւ իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր ճամբարներու զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։ Իբրեւ պետական մտածողութեան եւ հասունութեան գերագոյն ցուցանիշ գովազդուեցաւ ընտրութեանց «յաղթողը ամէն ինչ կը շահի» մտայնութիւնը, որ քաղաքացիական եւ ժողովրդավարական հասարակութեան մը հիմերուն հարուածող, ժողովուրդէն դէպի իշխանութիւն բարձրացող հակակշիռը խափանող եւ մասնակցողականութեան անփոխարինելի լծակը ամլացնող մեծագոյն վտանգն է։
Մինչեւ մեր օրերը կը հասնի կուսակցականութեան վարկաբեկ «կարծրատիպ» ստեղծելու հետեւողական այդ ճիգը։ Ներկայի «կարծրատիպեր քանդելու» քարոզարշաւը նոյն այդ աղբիւրէն կը սնանի։
Պատահական չէ, որ մօտաւոր անցեալի մեր պատմութեան հանգուցային պահերն ու խնդիրները վերարժեւորող մերօրեայ հրապարակումներուն մէջ, յանկարծակի եւ անհիմն վերագրումներով, երեւան կու գան իբր թէ անկուսակցական դիրքէ մեկնաբանութիւններ, որոնք ազգային մեր կուսակցութիւնները կը մեղադրեն՝ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած թրքական ջարդերուն, եւրոպական չարաշահումներուն կամ խորհրդային սադրանքներուն մէջ իրենց ունեցած «պատասխանատուութեան» համար։
Նոյնպէս պատահական չէ, որ անկուսակցականութեան անունով, աջէն թէ ձախէն, հարուածի տակ կ՛առնուի հայ ազգային կուսակցութեանց մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալի բազմահուն գործունէութիւնը՝ միայն միջ–կուսակցական վէճերու, եղբայրասպան բախումներու, ներկուսակցական հակադրութեանց եւ գաղափարական պառակտումներու վրայ շեշտ դնելով։
Աւելի՛ն. կուսակցութեանց եւ կուսակցականութեան կեղծ կարծրատիպը մշակելու եւ տարածելու միեւնոյն հետեւողական ճիգով, բայց միշտ անկուսակցականութիւնը գովազդող մօտեցումով, շարունակ փորձ կը կատարուի հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութիւնը կերտած հերոսներն ու մեծանուն գործիչները արժեւորելու իբրեւ սոսկ անհատական մեծութիւններ, անկախաբար եւ մինչեւ իսկ հակադրաբար անոնց ինքնահաստատումը հունաւորած կուսակցութեանց։
Այդպէս է, որ Անդրանիկը կը ներկայացուի իբրեւ իր կուսակցութենէն անկախ գործող, մինչեւ իսկ իր կուսակցութենէն սրտնեղած Սասնոյ լեռներուն արծիւը, Պալքանեան պատերազմի հերոս զօրավարը կամ Հայ Կամաւորական Շարժման առաջին գունդի քաջագործ հրամանատարը։
Նոյնպէս Նժդեհը կը վերարժեւորուի իբրեւ իր կուսակցութեան կամքին հակառակ՝ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը Կարմիր Բանակին չզիջելու անհատական վճռականութեամբ գործած եւ յաղթանակած ազգային հերոս։
Մինչեւ իսկ լսելի կը դառնան Դրօն եւ իր Գործը անկուսակցականութեան գովազդին ծառայեցնելու փորձ կատարող ձայներ, որոնք Դաշնակցութենէն դուրս կեանք չունեցած «դաշնակ Դրոյին» յախուռն անհատականութեամբ կ՛ուզեն բացատրել անոր կուսակցական յանդուգն նախաձեռնութիւնները։
Շարքը չի սպառիր Անդրանիկով, Նժդեհով եւ Դրոյով։ Արամ Մանուկեանն ու Սողոմոն Թեհլիրեանը, Սեբաստացի Մուրատն ու Վազգէն Շուշանեանը իրենց կարգին, ներ–կուսակցական այս կամ այն տարակարծութեան հետ իրենց ունեցած աղերսին հիման վրայ, իբրեւ օրինակ կը ծառայեցուին կուսակցականութեան կեղծ կարծրատիպի մշակումին։
Շարքը երկար է եւ միեւնոյն «կարծրատիպեր քանդելու» քարոզարշաւէն կը սնանի։
Երբ Հայաստանի նորաստեղծ Սփիւռքի նախարարութեան հայեցակարգին մէջ անգամ կը շեշտուի, թէ Սփիւռքին իբրեւ կազմակերպ ամբողջութիւն մօտենալու կարծրատիպը թօթափել պէտք է եւ հարկ է առաջնորդուիլ «եօթը միլիոն հայ անհատականութիւններու հանրագումարին հասնելու» սկզբունքով՝ այլեւս պարզ կը դառնայ, թէ ինչո՞ւ եւ որո՞ւ համար կը ղօղանջեն «կարծրատիպերը քանդելու» նորօրեայ… անկուսակցական զանգերը։
Եթէ անձնիշխանական, այլեւ էապէս հակակուսակցական իրենց բուն կարծրատիպերէն ձերբազատուած ըլլային իբր թէ անկուսակցական այդ ձայները, անոնց համար դժուար պիտի չըլլար նախ տեսնել եւ արժեւորել հայ ազգային կուսակցութեանց անցած ճանապարհին պայծառ ու լուսաւոր էջերը, ապա՝ գտնել եւ իսկապէս կարծրատիպերէ բեռնաթափել հայ քաղաքական մտքի հետագայ զարգացման յուսատու ուղին։
Ի վերջոյ հարիւր տարի առաջ, «Ազատամարտ»ի էջերուն, արդարացիօրէն Դաշնակցութեան Խիղճը հռչակուած Սիմոն Զաւարեան ինքն է գրած, որ «գիտակից կուսակցականը չի մոռնար, որ եթէ ՄԻ կէտով, ՄԻ շահով ինք կապուած է կուսակցութեան հետ, ԵՐԿՈՒ շահով կապուած է իր ազգի, իր հայրենիքի հետ, իսկ աւելի ՄԵԾ ՈՒ ԲԱԶՄԱԹԻՒ շահերով՝ Մարդկութեան հետ»