ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Չորեքշաբթի, Մայիս 19ին յայտնեց, թէ ռուսական զէնքերու Սուրիա արտածումը «չի նպաստեր շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման կամ պաղեստին-իսրայէլեան տագնապին վերջ տալու յարմար մթնոլորտ ստեղծելու գործընթացին»։
Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ «Լիքուտ» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար եւ ռուս-իսրայէլեան միացեալ խորհրդարանական յանձնախումբի համանախագահ Ռայիֆ Էլքին, իր կարգին ռուսական «Վրեմիա Նովոսթի» օրաթերթին յայտնեց, թէ ռուսական զէնքերու Սուրիա արտածումը ռուս-իսրայէլեան ռազմական ծրագիրներուն վտանգ մը կը ներկայացնէ, եւ կրնայ զանոնք կասեցնել։
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը նշէ, որ ռուս-իսրայէլեան ռազմական ծրագիրներու շարքին են «Ֆալքըն» արագ ահազանգի համակարգի կառուցումն ու Հնդկաստան արտածումը եւ օդանաւերու արտադրութիւնը:
Ռուսական «Նեզավիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը, իր կարգին լուսարձակի տակ կ՛առնէ Զինուորական համագործակցութեան ռուսական դաշնակցային յանձնախումբի նախագահ Միխայիլ Տիմիթրիեւի այն յայտարարութիւնը, թէ Ռուսիա կը ծրագրէ Սուրիան օժտել արդիական զէնքերով, որոնց շարքին՝ օդանաւեր, ուղղաթիռներ, հակօդային համակարգեր եւ հակահրասայլային զէնքեր։ Օրաթերթը կը բացայայտէ, որ անոնց շարքին են «Միկ 29» տիպի օդանաւեր, որոնք կը նկատուին իսրայէլեան օդուժին ողնասիւնը եղող «Էֆ. 16» օդանաւերուն մրցակիցները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.