ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը՝ Կիրակի, Մայիս 23ին, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու առնչութեամբ, նշելով, որ այդ ընտրութիւնները «կը ոտնահարեն միջազգային կանոնները, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի եւ ԵԱՀԿի սկզբունքները»։
«Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան, կայունութեան եւ համագործակցութեան հաստատման գլխաւոր արգելքն է եւ կը խոչընդոտէ տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը», կը նշէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ ընդգծելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը «բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն վրայ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.