Մեր ազգային ու եկեղեցական ուրախառիթ տօներէն մէկն է Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Համաձայն Արեւմտեան թեմի աւանդութեանց, եւ հանդիսապետութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Հինգշաբթի, Մայիս 13ի առաւօտուն, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Պատարագեց Աւետիս քհնյ. Թորոսեանը։ Քարոզեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վաղինակ վրդ. Մելոյեանը։
Պատարագէն ետք, առաջնորդին հովանաւորութեամբ եւ Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Համբարձման տօնի աւանդական ճաշկերոյթը, Կլենտէյլի «Անուշ» ճաշասրահին մէջ։ Համբարձման ճաշկերոյթի հիւրընկալութիւնը ստանձնած էր առաջնորդարանի զօրակիցներէն՝ Թալին Ամրոյեան։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիկնանց միութեան անդամ Տիկին Հուրիկ Ապտուլեան, որ ձեռնհասօրէն կատարեց օրուան հանդիսավարի իր պարտականութիւնը։ Առաջնորդը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, շնորհաւորեց Տիկնանց օժանդակ մարմինը՝ իր այս յաջողութեան համար, եւ գնահատեց Թալին Ամրոյեանի սիրայօժար հիւրընկալութիւնը։ Ան նաեւ Հայ Կնոջ տարուան առիթով շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց իգական սեռին՝ վեր առնելով անոր ծառայութիւնները մեր ընտանեկան ու հաւաքական կեանքին մէջ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան ներկայացուց Համբարձման տօնին իմաստն ու նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ տօնին հետ առնչուող հայկական աւանդութիւններուն։
Գեղարուեստական յայտագրի բաժինով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Գագիկ Պատալեան, որ ճոխացուց մթնոլորտը։
Ներկաներուն տրամադրուեցաւ Համբարձման երգերու գրքոյկ մը։ Ապա, գլխաւորութեամբ Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամ Օսան Թաշճեանի, կատարուեցաւ աւանդական վիճակաձգութիւն եւ խմբային երգեցողութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.