ՌՈՒԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկներու շարքին, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան յուշատօն» թեմայով, կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան գրական յանձնախումբին, Կիրակի, Ապրիլ 25, 2010ին երեկոյեան ժամը 7ին, միութեան «Խաչատուրեան» սրահին մէջ։
Ամերիկեան եւ Հայկական քայլերգերը յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք, հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկան Սեզա Պաղտատլեան եւ Լեւոն Աբրահամեան։ Անոնք յաջորդաբար բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն, ապա հաստատեցին այն իրողութիւնը, թէ հակառակ Ցեղասպանութեան ոճրային ծրագրին եւ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու հրէշային արարքին, հայը ապրեցաւ, տարածուեցաւ աշխարհով մէկ եւ ունեցաւ ազատ, անկախ հայրենիք։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ալին Յարութիւնեանը, որ արտասանեց Գրական յանձնախումբի ատենապետուհի Հայկուհի Սերոբեանի «Դատը Հայուն» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան։
Տէր Աթմաճեան, գնահատելով հանդիպման նպատակը՝ դիտել տուաւ Ապրիլ 24ը ոչ իբրեւ սուգի օր, այլ իբրեւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ուխտի վերանորոգման օր։
Արժանապատիւ բանախօսը հանգամանօրէն ուրուագծեց ու յետադարձ ակնարկով մը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմական անցեալին, դեռեւս 1860ական թուականներէն բազմիցս պայթած շանթ ու կայծակներուն՝ իրենց կործանարար վերիվայրումներով, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան եւ վերջ գտան 1915ի աննախընթաց Ցեղասպանութեամբ։ Հայ զանգուածները բռնի տարագրուեցան Միջագետքի անապատները. տարահանում, տառապանք, սով, որբանոցներ…
Մեծ Եղեռնը խլեց ծննդավայրի հայ բնակչութեան մտաւորականութեան բացարձակ ամբողջութիւնը։
Բանախօսը վերյիշեց նաեւ, թէ ինչպէս թուրք եաթաղանէն ճողոպրած մեծ զանգուածներուն առջեւ մեծ պետութիւններ բացին իրենց երկիրներու դռները ու ընծայեցին կարելիութիւնը վերապրելու ու վերականգնելու՝ նպաստելով անոնց յառաջընթացին եւ առաւել բարգավաճման։ Ու ստեղծուեցան հայահոծ գաղութներ՝ Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Պարսկաստան, Իրաք եւ այլն։ Հայուն ճակատագիրը անգամ մը եւս իր խօսքը ըսաւ, այս անգամ, զանազան դրդապատճառներով, եկաւ ու հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր եւ ստեղծուեցան հայրենակցական միութիւններ՝ Ուրֆա, Մարաշ, Այնթապ, Եոսղատ եւ այլն։
Բանախօսը նաեւ գնահատեց իրաքահայ ծագումով Երիտասարդաց միութեան տարած աշխատանքերը, անոնց պայքարը հայ մշակոյթի պահպանաման ի խնդիր։
Իր բանախօսութեան աւարտին ան վերյիշեց Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը՝ 2010 տարին «Հայ Կնոջ տարի» հռչակելուն մասին՝ դիտել տալով հայ կինը իբրեւ պաշտպան հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան, անոր մասնակցութիւնը ներկայ ժամանակներու խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն ընդառաջ։
Նախքան իր խօսքը փակելը, բանախօսը ակնարկեց Սփիւռքի կարեւորութեան ու զայն զօրաւոր պահելու իրողութեան: Այնուհետեւ Պերճ Զատոյեանին կողմէ կատարուեցաւ ընթերցում ու վերլուծում՝ «Ասպարէզ» օրաթերթի անգլերէն բաժինին մէջ հրատարակուած դոկտ. Հենրի Ասդարճեանի յօդուածին։
Ապա Լեւոն Աբրահամեան կատարեց այլ ընթերցում մը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ քաղուած թրքական թերթէ մը՝ անգլերէն լեզուով։
Նաեւ, հրաւիրուեցաւ երիտասարդ Լեւոն Թովմասեանը, որ դաշնակի վրայ նուագեց «Կիլիկիա», «Գարունա» եւ «Մարտիկի երգը» կտորները։ Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ Մանկապատանեկան եւ Երիտասարդական յանձնախումբի մասնակցութեամբ, ցուցադրելով տրամաներու շարք մը, ուր արծարծուած էր նոր սերունդի պայքարը հայ լեզուի պահպանման, հայ դպրոցի ու եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութեան, մշակութային ձեռնարկներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու անհրաժեշտութեան մասին, ինչպէս նաեւ Երիտասարդական յանձնախումբէն Վինա Չոպանեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք» բանաստեղծութիւնը՝ արժանանալով ունկնդիրներու բուռն ծափահարութեան։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբի ելոյթով (խմբավար՝ Կոմիտաս Քէշիշեան)։ Հնչեցին «Ով Հայոց Աշխարհ» (խօսք եւ վերամշակում՝ Ս. Տարօնցի), նաեւ Ռաֆայէլ Պատկանեանի «Արաքսի Արտասուքը», Մ. Եկմալեանի «Սուրբ-Սուրբ»ը ու ժողովուրդին փափաքով՝ «Մշեցի մօր երգը»։
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին վերանորոգ ուխտով ու հին օրերու շունչով տոգորուած ներկաները հրաժեշտ տուին, իսկ Երիտասարդաց միութեան այս նոր սերունդը եկաւ փաստելու իր ստեղծարար, անսահման կարողութիւնը, հայու բաղձանքներու իրագործման սրբազան պարտքը ստանձնելու եւ պայքարը շարունակելու ճանապարհը։