ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ (ԵԽԽՎ) Մեւլութ Չաւուշօղլուն անցեալ շաբաթ Երեւան կատարած իր այցի ժամանակ վիրաւորեց հիւրընկալողնեը՝ հրաժարուելով ծաղկեպսակ դնել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին:
Երբ հայկական լրատուամիջոցները անոր հարցեր տուին ծաղկեպսակ դնելէ հրաժարուելու մասին, Չաւուշօղլուն ստեց՝ ըսելով, թէ իր նախորդները եւս նոյն ձեւով վարուած են: Սակայն, հայ լրագրողները ճշդեցին անոր՝ շեշտելով, որ իրականութեան մէջ ԵԽԽՎի այլ նախագահներ այցելած են Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:
Սուտի բացայայտումէն ետք, ան փոխեց իր խօսքի եղանակը եւ խոստովանեցաւ, որ յուշահամալիր չայցելելը իր անձնական որոշումն է եւ խնդրեց հայերէն յարգել իր ցանկութիւնը:
Իսկ հայերը ինչո՞ւ պէտք է յարգեն ցեղասպանութիւն ժխտողին ու ստախօսին: Չաւուշօղլուն՝ Թուրքիոյ իշխող «արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան հիմնադիրներէն մեկը եւ թրքական խորհրդարանի անդամը հայաստան ժամանած էր ոչ իբրեւ թուրք պաշտօնեայ, այլ իբրեւ ԵԽԽՎի նախագահ: Ցաւալի է, որ այս տարուայ սկիզբին ԵԽԽՎի մէջ, հայ պատուիրակներուն չյաջողուեցաւ խոչընդոտ դառնալ անոր ընտրութեան՝ ազդեցիկ եւրոպական այս կառոյցի նախագահութեան:
Իրական խնդիրը Չաւուշօղլուի ազգային ծագումը չէ. ոչ ոք պէտք է զրկուի որեւէ պաշտօնէ իր ազգային պատկանելութեան պատճառով: Առարկութիւնները հիմնուած են հայկական հարցերու նկատմամբ անոր վաղեմի ընդդիմութեան վրայ, ընդ որում՝ Հայոց Ցեղասպանութեան անոր ժխտումը եւ արցախեան հակամարտութեան մէջ Ատրպէյճանի աջակցութիւնը:
Տեղեկանալով, որ Չաւուշօղլուն պիտի չայցելելէ Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, որ սահմանուած արարողակարգ է Երեւան այցելող բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաներու համար, Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց անոր այցելութեան կարգավիճակը «պաշտօնական» մակարդակէն իջեցնել «աշխատանքային»ի: Անշուշտ այս մէկը թոյլ հակազդեցութիւն մըն էր բաղդատած անոր հասուցած ծանր վիրաւորանքին: Զղջալի է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները քննադատական կամ դատապարտման որեւէ խօսք չարտասանեցին: Անոնք պէտք էր աւելի կոշտ միջոցներու ձեռնարկէին Չաւուշօղլուի դէմ եւ չեղեալ յայտարարէին անոր Երեւան այցելութիւնը:
Հաստատակամութիւն չցուցաբերելով, երկրին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած արարողակարգի պահպանման գործին մէջ, Հայաստանի իշխանութիւնները պարզապէս կը խրախուսեն ապագային Հայաստան այցելող բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն՝ յարգանքի տուրք չմատուցել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին:
Վատ նախադէպ մը արդէն ունեցած ենք 2008ի Սեպտեմբերին, երբ Թուրքիոյ նախագահ Կիւլը հրաւիրուած էր Երեւան: Օրին յօդուած մը գրեցի թախանձելով Հայաստանի իշխանութիւններուն Թուրքիոյ նախագահէց պահանջել ծաղկեպսակ զետեղել Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին առջեւ: Ափսոս, Կիւլին այդպիսի պահանջ չտրուեցաւ, եւ ան շատ ուրախ էր, որ այդ հարցէն ձերբազատուեցաւ:
Պէտք է գովեմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Երեւանի այցելութեան ընթացքին Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումը մերժելուն համար՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու նկատմամբ վերջինիս անյարգանքին պատճառով: Անոր այցելութիւնը դատապարտեցաւ նաեւ Հնչակեան կուսակցութեան Ուսանողական միութեան կողմէ:
Դժբաշտաբար, ընդդիմադիր կուսակցութեան մը պաշտօնատարներ հանդիպեցան Չաւուշօղլուի հետ իրենց սեփական օրակարգով, խնդրելով անորմէ (թուրքէ մը), դատապարտել Հայաստանի կառավարութեանը մարդու իրաւունքներու խախտման համար: Միեւնոյն ժամանակ, իշխանամէտ կուսակցութիւնները հանդիպեցան Չաւուշօղլուի հետ ծանօթացնելով անոր տարածաշրջանային հիմնախնդիրներու վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումներուն, կարծելով, թէ ան պատրաստ է փոխել իր տեսակէտները Հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախի կամ հայ-թրքական յարաբերութիւններու նկատմամբ:
Անկախ Չաւուշօղլուի եւ անոր կառավարութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ ունեցած ժխտողական դիրքորոշումէն, Չաւուշօղլու պէտք չէ ներուի Ցեղասպանութեան յուշահամալիր չայցելելուն համար: Նոյնիսկ այն երկրներու դեսպանները, որոնք պաշտօնապէս չեն ճանաչցած Հայոց Ցեղասպանութունը, կը մասնակցին Ապիրլի 24ի սուգի արարողութեան եւ ծաղկեպսակ կը զետեղեն Ցեղասպանութեան յուշարձանին:
Հրաժարուելով հետեւիլ արարողակարգին, Չաւուշօղլու ոչ միայն վիրաւորեց հայ ժողովրդը, այլ միաժամանակ խախտեց երկար ժամանակ հաստատուած Եւրոխորհրդարանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման իրողութիւնը:
Ի վերջոյ, թուրք դիւանագէտը իր խօսքով ու գործով ինքնզինք խայտառակեց եւ արժեզրկեց իր վարկը՝ իբրեւ քաղաքական դէմք մը, որ արժանի չէ ներկայացնելու կարկառուն եւրոպական կառոյց մը եւ անոր արժէքները:
Ապագային, խուսափելու համար նմանօրինակ գայթակղութիւններէ, Հայաստանի պաշտօնատարները պէտք է դիմեն բարձրաստիճան օտար պաշտօնեաներուն՝ մինչեւ անոնց այցելութիւնը եւ հաստատեն անոնց Հայաստանի մէջ սահմանուած արարողակարգի՝ Ցեղասպանութեան յուշարձանին ծաղկեպսակ զետեղելու կարեւորութիւնը: Մերժելու պարագային, անոնց այցելութիւնը պէտք է անյապաղ չեղեալ յայտարարուին: Կրնաք պատկերացնել ոեւէ օտար բարձրաստիճան պաշտօնեայ, որ այցելէ Երուսաղէմ եւ մերժէ ծաղկեպսակ զետեղել Եատ Վաշեմի՝ Հոլոքոսթի զոհերու յուշարձանին: Անոր երբեք պիտի չարտօնուի Իսրայէլ ոտք դնել: Հայաստանի Կառավարութիւնը նոյնանման դիրքորոշում պէտք է որդեգրէ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին նկատմամբ:
Հայաստան կատարած իր այցելութեան աւարտին, Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ այս տարուայ Հոկտեմբերին դարձեալ պիտի այցելէ Հայաստան: Յոյսով եմ, որ Հայաստանի պաշտօնատարները չեն արտօներ անոր մուտքը երկիր, մինչեւ այն ատեն, որ ան չյարգէ բոլոր բարձրաստիճան օտար պաշտօնեաներու համար Հայաստանի մէջ սահմանուած արարողակարգը:
Եթէ հայ պաշտօնեաները հաստատակամ չըլլան իրենց իսկ երկրի կանոնակարգի կատարման նկատմամբ, ապա բարձրաստիճան օտար պաշտօնեաները անոնց ենթարկուելու ոչ մէկ պատճառ չեն ունենար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
խմբագիր