
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Մայիս 16, կէսօրէ ետք ժամը մէկին, ներկայութեամբ շուրջ 300 հոգիի, հանդիսաւոր արարողութեամբ կատարուեցաւ բացումը Հոլիվուտի Հայ նոր կեդրոնին:
Հանդէսին ներկայ էին թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն աւագ քհնյ. Վասիլեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ՀՅԴ Հոլիվուտի շրջանի «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գօգօ Պալեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիգիճեան, «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժնի խմբագիր Արա Խաչատրեան. Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս ազգ. վարժարանի տնօրէն Նազօ Աբանեան. Ս. Կարապետ Մայր Եկեղ. Հոգաբարձութէան ատենապետ տոքթ. Միսաք Պարսամեան. ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամ Աստղիկ Շիթիլեան. ՀՕՄի եւ ՀՄԸՄի Հոլիվուտի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, Րաֆֆի ռումանահայերու, Տարօն-տուրուբերանի, Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեանց եւ Հայ-ամերիկեան Տարեցներու միութեան ներկայացուցիչներ:

Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ կողքը կառուցուած նոր կեդրոնի շրջափակին մէջ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան օրհնեց կեդրոնը, ապա կտրելով ժապաւէնը նորակառոյց սրահ առաջնորդեց ներկաները:
Հանդիսութեան բացումը կատարելով Հայ կեդրոնի յանձնախումբի անունով ներկաները ողջունեց օրուայ հանդիսավար Մակի Սարգունին: Կարեւոր նկատելով սոյն կեդրոնի կառուցումը, ան նշեց, որ՝ առանց Հոլիվուտի հայ համայնքի անդամներու անխոնջ աշխատանքին, անկարելի պիտի ըլլար իրագործել այս ամէնը. Ամերիկայի մէջ այս առաջին հայկական համալիրն է, որ մեր ազգային երրորդութիւնը լրացուած է եկեղեցիով. դպրոցով եւ հայ կեդրոնով:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Սրբազան Հայրը: Ան նորակառոյց կեդրոնի ուրախ առիթով իր օրհնութեան խօսքն ու բարեմաղթութիւնները յայտնեց ներկաներուն:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճէան, որ նախ նշեց, որ վերջապէս իրականութեան կը վերածուի երկար սպասուած կեդրոնը, որ պէտք է դառնայ երիտասարդութեան Տունը: Այս երազը իրականացնելու մէջ շատերու ներդրումը կայ, ինչպէս՝ հանգուցեալ ընկերներ Հայկ Կարապետեանը, Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեանները, որոնց իշխանական նուիրատուութիւնները մեզի ուժ եւ վստահութիւն ներշնչած էին:
Նոր կեդրոնը ստացաւ նաեւ այլ մեծագումար նուիրատուութիւններ՝ դոկտ. եւ տիկ. Սարգիս Արեւեաններէն՝ իրենց ծնողներու Թորոս եւ Երանուհի Արեւեաններու յիշատակին, հովանաւորելով ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի գրասենեակը, ի յիշատակ եղբ. Ժագ Տէր Պօղոսեանի իր ընտանիքը կը հովանաւորէ ՀՄԸՄի Սկաուտական գրասենեակը, ի յիշատակ եղբ. Յարութիւն Բարսեղեանի իր ընտանիքը կը հովանաւորէ ՀՄԸՄի վարչութեան գրասենեակը, ի յիշատակ Յարութիւն Գասպարեանի, Գասպարեան եւ Աղճայեան ընտանիքները կը հովանաւորեն Հայ Դատի գրասենեակը, Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը կը հովանաւորէ երկրորդ յարկի ժողովասրահը, Վարուժան Ուրֆալեան կը հովանաւորէ խոհանոցի սենեակը:
Կարօ Իսբէնճէան իր խօսքի ընթացքին գնահատանքի խօսք ուղղեց Գօգօ Թօփալեանին եւ Գարեգին Խանճեանին, որոնք անցնող երկու տարիներու ընթացքին բծախնդրօրէն հետեւած էին տարուած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ կեդրոնի յանձնախումբին, որ իր ատենապետ Կայծակ Զէյթլեանի ղեկավարութեամբ տարաւ գնահատելի աշխատանք:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի անունով խօսք առաւ ԿԿի անդամ Սեդօ Պօյաճեան, որ այս ուրախալի առիթով նշեց, որ նորակառոյց երիտասարդական կեդրոնը օժտուած է արդիական սարքաւորումներով եւ յարմարութիւններով, սակայն պէտք չէ սահմանափակուիլ միայն նիւթական արժէքներով, այլեւ անհրաժեշտ է առաջնորդուիլ նաեւ ոգեղէն արժէքներով:
Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» մասնաճիւղի խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետ Մարկօ Սերոբեան, որ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս ազգ. վարժարանին, որոնք մշտապէս զօրավիգ հանդիսացած են ՀՕՄին. ապա յիշատակեց «Մայր» մասնաճիւղի նուիրեալ անդամներէն՝ հանգուցեալ Երանուհի Արեւեանին, որու անունով յուշատախտակ պիտի զետեղուի ՀՕՄի գրասենեակի դրան:

ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի անունով խօսք առաւ վարչութեան անդամ Մայտա Շահինեան: Նշելով սոյն կեդրոնի դերն ու նշանակութիւնը գաղութի կեանքէն ներս, ան ընդգծեց յատկապէս երիտասարդութեան տանելիք աշխատանքներու նշանակութիւնը, որ ապագայի վառ յոյսերով կը լեցնէ ամէնուն սիրտը: Ապա, յետագայ յաջողութիւններու բարեմաղթանքներով աւարտեց իր խօսքը:
Այնուհետեւ, Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ ներկաները բարձրացան երկրորդ յարկ: Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան մէկ առ մէկ օրհնելով գրասենեակները, կտրեց ժապաւէնները, որմէ ետք ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան այցելելու նոր կահաւորումով օժտուած սենեակները: Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ պատշաճ ընդունելութեամբ:

Փոքրիկ Հայաստանի սիրտին մէջ հիմնուած նոր կեդրոնը, որ կը կրէ նաեւ Երիտասարդական կեդրոն անունը, պիտի ծառայէ Հոլիվուտի հայաշատ համայնքի կարիքներուն: Ան պիտի դառնայ նաեւ կեդրոնը հայ երիտասարդութեան, որուն պիտի վստահուի ապագայ հայրենանպաստ մեծ ծրագիրներու իրագործումը: