ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
(«Ասպարէզ»ի խմբագրութեան դիմումին ընդառաջելով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի գրասենեակի վարիչ Կիրօ Մանոյեան ներկայացուց Եւրոպայի Խորհրդարանին Հինգշաբթի օր հրապարակած բանաձեւին գնահատականը: Ստորեւ՝ սոյն գրութիւնը):
Անհաւասարակշիռ ըլլալով հանդերձ, բանաձեւին մէջ դրական եւ բացասական կէտեր կան. ամենաբացասականը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող բաժինն է, ուր ինքզինք հակասելով՝ Եւրոխորհրդարանը կը փորձէ ինքն իր վրայ վերցնել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի առաքելութիւնը՝ «կարգաւորման» տարբեր կէտերու առաջարկներ ընելով:
Անիրազեկութեան գլուխ գործոց է այն պարբերութիւնը, ուր «Լեռնային Ղարաբաղը» չընդունիր իբրեւ աշխարհագրական սահմանում, այլ՝ իբրեւ ինչ-որ անորոշ սահմաններով եւ անորոշ կարգավիճակով միաւոր, երբ կ՛ըսէ. «Կը հաւատայ, թէ պէտք է արագօրէն լքուի այն դիրքորոշումը, ըստ որուն, Լեռնային Ղարաբաղը կը ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գրաւուած ատրպեճանական բոլոր տարածքները»: Ճիշդ է, որ միջազգային թէ պետական այլ կառոյցներ եւս «Լեռնային Ղարաբաղ» ըսելով յաճախ կը հասկնան ինչ-որ անորոշ կարգավիճակով միաւոր, սակայն, երբ կ՛ըսուի, թէ այդ միաւորին շուրջ գտնուող տարածքները Լեռնային Ղարաբաղ չեն, այդ արդէն անիրազեկութեան խոշորագոյն վկայականն է: Այդ տարածքները նոյնքան Լեռնային Ղարաբաղ են, նոյնքան հայկական են եւ ԼՂՀ սահմանադրութեամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մաս կը կազմեն:
Բանաձեւին հեղինակը՝ Պուլկարիայէն եւ ընկերվարական-ժողովրդավար խմբակցութեան անդամ Կիրիլովը, ծանօթ է յատկապէս՝ իբրեւ ատրպեճանական եւ թրքական շրջանակներու ուղղակի ազդեցութեան տակ եղող անձնաւորութիւն:
Զեկոյց-բանաձեւի նախնական տարբերակը շատ աւելի վատ էր. Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի եւ այլոց աշխատանքի շնորհիւ, զայն, ինչ-որ չափով կարելի եղաւ բարեփոխել, բայց վերջնական արդիւնքը գոհացուցիչ չէ: Դրական կէտերէն մէկը այն է, որ «ուժգնօրէն կը յանձնարարէ մասնակից պետութիւններուն եւ (Եւրոպական) Յանձնաժողովին՝ Հայաստանը ներառել տարածաշրջանի ճանապարհային եւ ուժանիւթի համապատասխան ծրագիրներուն մէջ»:
Եթէ այս զեկոյցով իբրեւ խորհուրդ արտայայտուող Եւրոխորհրդարանի անիրազեկուած եւ բացասական մօտեցումները որդեգրուին Եւրոմիութեան գործադիր կառոյցներուն կողմէ եւս, ապա ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի գործընթացը կ՛ականահարուի: Եւրոմիութեան գործադիր իշխանութիւնները եւ Եւրոմիութեան անդամ պետութիւնները, որոնք միաժամանակ անդամ են Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ), պէտք է այս զեկոյց-բանաձեւին մասին իրենց տեսակէտը յստակօրէն հրապարակեն:
Ճիշդ է, որ այս զեկոյց-բանաձեւը ընդամէնը խորհրդատուական բնոյթ ունի, բայց պարզ է, որ Ատրպէյճանը զայն պիտի գործածէ քարոզչական նպատակներով: Ատրպէյճան կը ջանայ նման նախաձեռնութիւններով Արցախի հիմնահարցին խաղաղ կարգաւորման գործընթացը շեղել:
es inch garj u gederug, basaderutyun er?