ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը գեղեցիկ սովորութիւն մը որդեգրած է արժեւորելու այն ՀՄԸՄականները, որոնք իրենց գործունէութեամբ բարի օրինակ կը հանդիսանան իրենց շրջապատին: Այդ արժեւորումը կը խտացուի «Տիպար ՀՄԸՄական» երկու բառերուն մէջ, որուն արժանաւորներու ցանկը երկար է իր շարքերէն ներս:
Այս տարի այդ տիտղոսին կ՛արժանանայ Պերճ Ճամճեանը, որ յատկապէս իր սկաուտական գործունէութեամբ ծանօթ է մեր համայնքին:

Այս առիթով հանդիպում մը ունեցանք Պերճին հետ, որպէսզի մօտէն ծանօթանանք անոր կենսագրութեան եւ միութենական աշխատանքներուն:
Պերճ Ճամճեան ծնած է Յունիս, 1946ին, Գահիրէ, Եգիպտոս: Նախակրթարանի ուսումը ստացած է ծննդավայրի «Գալուստեան» ազգ. վարժարանէն, ուր նաեւ միացած է վարժարանէն ներս գործող սկաուտական շարժումին: Ապա՝ երկու տարի տեղւոյն Մխիթարեան Հայրերու վարժարանը յաճախելէ ետք, 1960ին փոխադրուած է Լիբանան եւ ուսումը շարունակած է Հազմիէի Մխիթարեան Հայրերու վարժարանը:
1963ին փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ բնակութիւն հաստատած է Լոս Անճելըս: Տեղւոյն եւ Կլենտէյլի գոլէճները քանի մը տարիներ յաճախելէ ետք, աւարտած է Քալիֆորնիոյ նահանգի համալսարանը (Cal. State University), իր պսակաւոր գիտութեան (BA) վկայականը ստանալով ուսողութեան (Mathematic) մէջ:
Ուսման առընթեր, Ճամճեան անդամակցած եւ կամաւոր աշխատանք տարած է Ամերիկայի Սկաուտական կազմակերպութենէն ներս, իբրեւ մարզիչ, առաջնորդ եւ խմբապետ:
1985ին անդամակցած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ սկաուտական բաժանմունքէն ներս վարած է խմբապետի օգնականի, խումբի խմբապետի եւ մասնաճիւղի Աւագ խմբապետի պատասխանատու պաշտօնները, համապատասխան աստիճաններով:
Երկար տարիներ նշանակուած է մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ ընտրուած է վարչական:
Երեք շրջաններ նշանակուած է Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի անդամ եւ մինչեւ օրս ՀՄԸՄի կրօնական բաժնի մնայուն ներկայացուցիչն է Ամերիկայի սկաուտութեան մօտ:
Ան մեծ ներդրում ունեցած է Ազգ. Առաջնորդարանի նախաձեռնած «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» կրօնական շքանշանի ստեղծման եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ: Ստացած է միջազգային Սկաուտական Wood Badgeի կարգը: Ճամճեան մինչեւ օրս կը շարունակէ իր օգտակարութիւնը շրջանի եւ յատկապէս մասնաճիւղի սկաուտական բաժանմունքէն ներս: Անոր համար սկաուտութիւնը կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու լաւագոյն միջոցն է:
Համալսարանական իր ուսումը աւարտելէ ետք, իբրեւ փայլուն աշակերտ, Security Pacific դրամատան կողմէ ընտրուած է մասնագիտանալու IBM համակարգչային գիտութեան մէջ:
1968ին ծանօթացած է Նորմա Պօպոյին, որուն հետ ընտանեկան բոյն մը կազմելով բախտաւորուած են երկու զաւակներով՝ Մոնիք եւ Արմէն: Ունի երկու թոռներ:
Հետագային, Ճամճեան իր կեանքի ասպարէզը ընտրած է համակարգչային մարզէն ներս, որուն այժմէականացման ծրագիրներուն իբրեւ programmer կը հետեւի մինչեւ օրս:
Համակարգչային իր աշխատանքէն անկախ, եղբայրը հետաքրքրական մարզերով կը զբաղի: Կը սիրէ լուսանկարչութիւնը եւ յատկապէս կը նկարէ ՀՄԸՄի աշխատանքները:
12 տարիներ ունեցած է իր անձնական Craft Shop and Wood Crafts հաստատութիւնը: Կը սիրէ բնութիւնը եւ այդ իմաստով ունի իր անձնական Nature Study Collections and Props հաւաքածոն, որ թէ՛ ՀՄԸՄի շարքերուն եւ թէ՛ ամերիկեան վարժարաններէ ներս կը ցուցադրէ, բնութեան առնչուող իր դասախօսութիւններուն ընթացքին: Ճամճեան իր ազատ ժամերուն կը զբաղի մեղուաբուծութեամբ:
Ներկայիս եղբայր Պերճ Ճամճեան ՀՄԸՄի Թըքույա բանակավայրի յանձնախումբի անդամ է, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄը կը ներկայացնէ National Armenian Committee on Scouting յանձնախումբին մէջ:
«Ուրախ եմ, որ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը այս տարի ինծի շնորհած է Տիպար ՀՄԸՄականի տիտղոսը, որուն համար շոյուած կը զգամ: Միաժամանակ, կը հաւատամ, որ ինձմէ աւելի արժանաւորներ կան: ՀՄԸՄը ինծի համար երկրորդ ընտանիքս է, ուր գտած եմ շատ մտերիմ ընկեր-ընկերուհիներ: Կը վստահեցնեմ, որ այս տիտղոսը առաւել ոյժ եւ մղում պիտի տայ ինծի, որպէսզի շարունակեմ ծառայել իմ սիրած կազմակերպութեանս, որմէ շատ բաներ սորված եմ իմ կեանքի ճանապարհին: Ես երախտապարտ եմ ՀՄԸՄին եւ շնորհակալ՝ ՀՄԸՄի Շրջ. Վարչութեան այս պատիւին համար», իր զգացումները արտայայտելով կ՛ըսէ եղբայր Ճամճեան: