Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ուսմանց բաժանմունքին ու Հայ ուսանողական միութեան պաշտօնաթերթին՝ «Հայ Շարժում»ին մէջ, Էվլին Տեմիրճեան կը գրէ, թէ վերջերս ուշադրութիւն սկսած է գրաւել Լոս Անճելըսի մէջ կազմուած նոր երաժշտական խումբ մը՝ «Armenian Space Station»ը, (հայկական անջրպետակայան), որուն անդամներն են՝ Կրեկ Հօշարեան, Պարեթ Երէցեան, Ֆիլ Թրոյք եւ Քլինթ Ֆետըրսըն:

Իր երաժշտութեան մէջ դասական ու հայկական մեղեդիներ խառնող խումբը հետաքրքրականօրէն իր առաջին հանրային ելոյթը ունեցած է Հոկտեմբեր 28, 2009ին, Երեւանի մէջ, իսկ անցեալ Ապրիլ 10ին, շատ յաջող ելոյթ մը՝ Լոս Անճելըսի հանրածանօթ «Ռաքսի» թատերասրահին մէջ:
Խումբը կը ծրագրէ Քալիֆորնիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ ելոյթներ ունենալ, սակայն մինչ այդ, աշխատանք կը տանի արտադրելու իր առաջին ալպոմը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.armenianspacestation.com համացանցային կայքը: