Կլենտէյլէն Ճան Շիրաճեան տիրացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային մարմիններուն 2009-2010 տարեշրջանի ուսողութեան եւ գիտութեան մարզի լաւագոյն ուսուցիչի մրցանակին:
Ան 1990էն ի վեր ուսուցիչ է Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ եւ վերջին տասնամեակին՝ «Ռիպեթ» վարժարանի ուսողութեան եւ գիտութեան բաժանմունքի պատասխանատուն է:

Վերջին երեք տարիներուն, ան երկու անգամ ընտրուած է իբրեւ լաւագոյն ուսուցիչ, Ամերիկեան հիւլէական ընկերակցութեան կողմէ: Այս տարի, ան Լոս Անճելըս գաւառէն թեկնածու ներկայացուող միակ ուսուցիչն էր:
Անոր աշ