ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շաբաթ եւ Կիրակի, Մայիս 22-23ին, Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան կայացած ընդհանուր ժողովը հարուստ էր քաշքշուքներով ու ներկուսակցական լուռ պայքարներով։
Ժողովին առաջին օրը յատկացուեցաւ նոր կուսակցապետի ընտրութեան, որ կատարուեցաւ առանց մրցակցութեան։ Քեմալ Քըլըճտարօղլու նստաւ Տենիզ Պայքալի հրաժարումով թափուր ձգուած աթոռին վրայ:
Ընտրութեան յաջորդած իր ճառին մէջ, նորընտիր կուսակցապետը փայլուն խոստումներ ըրաւ, սակայն չխօսեցաւ կենսական նկատուող շարք մը հարցերու մասին:
Ժողովին երկրորդ օրուան ժամերը յատկացուեցան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան խորհուրդի անդամներու ընտրութեան, ուր երեւան ելան այն խլրտումները, որոնք ցարդ գաղտնի պահուած էին:
Օրինակ, յայտնի դարձաւ, որ ընդհանուր դժգոհութիւն մը կար Պայքալի մօտիկ կանգնած ու այս կուսակցութեան ծանր հրետանիները դարձած անձերուն նկատմամբ եւ անոնք հաշուեյարդարի ենթարկուեցան: Խորհուրդի անդամ ընտրուեցան Քըլըճտարօղլուի նախընտրած դէմքերը՝ պաշտօնապէս փակելու «Պայքալի շրջանը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.