ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի (ԳՄ) ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Մայիս 25ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած է վերջին օրերու քաղաքական կարեւոր իրադարձութիւններէն՝ Եւրոխորհրդարանի 2216 բանաձեւին։

Ըստ ԳՄ ներկայացուցիչին, նշեալ բանաձեւի առկայութեան հետ Հայաստանի առնչութիւնը վրիպում էր, նկատի ունենալով, որ հայկական կողմը լաւ չպայքարեցաւ նշանակման դէմ Քիրիլովին, որ ուշագրաւ էր ատրպէյճանամէտ իր դիրքորոշումներով ու համապատասխան յայտարարութիւններով:
Բացի ատկէ, ըստ Ա. Ռուստամեանի, Եւրոխորհուրդի միջազգային բաժնի փորձագէտը ատրպէյճանցի է եւ բանաձեւին մէջ կ՛արտացոլան նաեւ անոր տեսակէտները:
Ա. Ռուստամեան խոստովանած է, որ ամիսներ առաջ ան արդէն գիտցած էր, թէ կը պատրաստուի զեկոյց մը, որ ամբողջութեամբ կ՛աղաւաղէ իրականութիւնը, եւ եթէ անիկա բանաձեւ դառնայ, ապա լուրջ խոչընդոտ պիտի հանդիսանայ բանակցային գործընթացին համար:
«Ես համապատասխան նամակ եմ յղել ԵԽ եւ մատնանշել եմ նաեւ, որ զեկոյցի վրայ աշխատում է տուեալ անձը՝ ատրպէյճանցի, որը, բնական է, չի կարող անկողմնակալ լինել այս հարցում», նշած է ԱԺ ՀՅԴ պատգամաւորը եւ աւելացուցած, որ ամիսներ առաջ ներկայացուած զելոյցը աւելի ահաւոր էր, քան վերջերս հրապարակուածը:
Ա. Ռուստամեանի առաջարկով, բացի այն յայտարարութիւններէն, որոնցմով բանաձեւին դէմ հանդէս կու գայ պետութիւնը, պէտք է ստեղծուի նաեւ յատուկ խումբ կամ պատուիրակութիւն մը, որ Ազգային ժողովի անունով կարենայ ներկայացնել այն բոլոր վտանգները, որոնք առկայ են բանաձեւին մէջ։
«Բացի այս, անհրաժեշտ է նրանց տեղեկացնել, որ Եւրախորհրդարանն, առաջին հերթին, իր իսկ հեղինակութեան մասին մտածելով պէտք է կանխի նման բանաձեւերի ընդունումը, եւ այս մտահոգութիւններն ամենաբարձր մակարդակով ներկայացուեն ԵԽին», յայտնած է ՀՅԴ ներկայացուցիչը։
Ա. Ռուստամեան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ առնուած են առաջին քայլերը, եւ թէ ինք, անձամբ, Մայիս 25ին Գերմանիոյ տարածաշրջանային ներկայացուցիչին փոխանցած է իր մտահոգութիւնները, որոնց ի պատասխան Գերմանիոյ ներկայացուցիչը ընդունած է, թէ բանաձեւը սխալ քայլ է՝ նկատի ունենալով բանակցային գործընթացին առկայութիւնը: