ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մայիս 17-20, Ժընեւի Միջ-եկեղեցական կեդրոնատեղիին մէջ, Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու) մասնակցեցաւ երեք միջ-եկեղեցական կարեւոր ժողովներու։
Մայիս 17ին գումարուեցաւ Քրիստոնէական միջազգային ֆորումի արժեւորման ժողովը, որ քննարկեց 2007էն մինչեւ այսօր ֆորումին կատարած աշխատանքները եւ մշակեց յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութիւնը։ Նարեկ սրբազան այս ժողովին մասնակցեցաւ յանուն Ուղղափառ եկեղեցիներուն եւ ներկայացուց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն պատկերացումը յարաբերաբար Ֆորումին՝ առաջարկելով յարգել շրջանէն ներս եկեղեցիներուն իւրայատուկ դերակատարութիւնն ու զգայնութիւնները։
Մայիս 18ին գումարուեցաւ Քրիստոնէական եկեղեցական ընտանիքներու Քարտուղարներու գործադիր մարմինին ժողովը, որ լուսարձակի տակ բերաւ 2009ի Նոյեմբերի լիակատար ժողովին որոշումները եւ համապատասխան որոշումներ առաւ։
Մայիս 19-20 Նարեկ եպիսկոպոս ատենապետեց Քրիստոնէական եկեղեցական ընտանիքներու եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Գործակցութեան յանձնաժողովի նիստերուն։
Օրակարգի նիւթերն էին. Միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրները այսօր, Հաւատք եւ Կարգ յանձնաժողովին աշխատանքները, Միջ-եկեղեցական երկխօսութիւններու ընկալման հրամայականը եկեղեցիներուն կողմէ, Նախապատրաստութիւն Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 2013ի համաժողովին, Եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը 2011ի խաղաղութեան միջազգային համագումարին եւ 2012ի աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութիւններու հաւաքական քննարկումին նախաքայլերը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.