Համաձայն Իրաքի հայոց թեմի կանոնագիրին, որ ճշդուած եւ վաւերացուած է պետութեան կողմէ, իրաքահայ համայնքի վարչական գործերը կը վարէ եօթը անձերէ բաղկացած վարչութիւն մը, որ կ՛ընտրուի ուղղակի ժողովուրդին կողմէ՝ չորս տարուան համար։
Վարչութիւնը կը կոչուի «Իրաքահայ թեմի ազգային Կեդրոնական վարչութիւն» (Թեմական խորհուրդ)։ Գործող վարչութեան աշխատանքային ժամանակաշրջանը կ՛աւարտի Մայիս 31ին, հետեւաբար, նոր վարչութեան ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 21 Մայիս 2010ին՝ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ։
Ընտրութիւնը վարող յանձնախումբը կը ղեկավարէր դատարանի ներկայացուցիչը՝ դատախազ Շհապ Ահմետ Եասինը։ Յանձնախումբի միւս անդամներն էին դատարանի ընդհանուր տնօրէնը, քրիստոնեայ համայնքներու Վաքըֆի պատասխանատուն եւ մեր համայնքի երեք ներկայացուցիչները։
Տեղի ունեցաւ հեզասահ ընտրութիւն մը, որուն իբրեւ արդիւնք ընտրուեցան հետեւեալ անձերը՝ յաջորդ չորս տարիներուն վարելու իրաքահայ համայնքի ընդհանուր գործերը՝ Պարոյր Յակոբեան, Մելքոն Մելքոնեան, Իշխան Ամիրխանեան, Հայկազ Սարգիսեան, Ներսէս Արծիւեան, Գէորգ Գատոյեան, Կարապետ Գալուստեան եւ փոխ անդամներ ընտրուեցան Ադամ Ադամեան եւ Արամ Քէթէնճեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.