
Կրեկ Գրիգորեան վերջերս երրորդ անգամ ըլլալով Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի նախագահ ընտրուեցաւ 2010-2010 դպրոցական տարեշրջանին համար:
31 դպրոցներ եւ 2620 պաշտօնեաներ ունեցող կրթաշրջանը ունի մօտաւորապէս 27,000 աշակերտներ, մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ դասարան: Աշակրտութեան մօտաւորապէս 10,000ը հայկական ծագում ունի:
Կրթաշրջանը ունի հայ աշակերտներու յատուկ շարք մը ծրագիրներ եւ սպասարկութիւններ, որոնց շարքին են՝ հայերէնի դասաւանդութիւն, Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդում եւ այդ նպատակով ուսուցիչներ պատրաստելու համար աշխատանիստեր: Կրթաշրջանը նաեւ «Ճեֆըրսըն» նախակրթարանին մէջ սկսած է երկլեզու (հայլերէն եւ անգլերէն) դասաւանդման ծրագիր մը, իսկ Յունուար 6ին փակ կը պահէ վարժարանները՝ Հայկական Ծնունդին առիթով: