Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգ. վարչութիւնը կը գուժեն Գառնիկ քհնյ. Տէրտէրեանի վախճանումը, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Մայիս 24ի գիշերը։
Քահանայ հայրը տասնամեակներու ծառայութիւն ունեցած է Ատրպատականի Հայոց թեմին մէջ։ Հանգստեան կոչուելէ ետք, վերջին տարիներուն, ան հաստատուած էր Լոս Անճելըս։
Վախճանեալ քահանայ հօր վերջին օծումն ու թաղման կարգը տեղի պիտի ունենան Ուրբաթ, Մայիս 22ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.