ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «ՓանԱրմինիըն».- Մայիս 25ին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է Պոսթընի Ս. Ստեփանոսի ազգային վարժարանի խումբ մը ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, որոնց հետ զրոյցի ընթացքին կարեւոր համարած է երիտասարդ հայրենակիցներուն Արցախ այցելութիւնները, նշելով, որ ատիկա լրացուցիչ խթան կը հանդիսանայ հայրենիքը մօտէն ճանչնալու, նաեւ երկկողմանի կապերը աւելի ամրապնդելու եւ զարգացնելու գործին: Նախագահը ընդգծած է, որ նման այցելութիւնները պէտք է կրեն յաճախակի բնոյթ։
Նշենք, որ նախագահ Սահակեան երէկ նաեւ ընդունած է Հայաստանի հանրապետութեան գրողներու միութեան անդամներ՝ միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի գլխաւորութեամբ:
Նախագահ Սահակեան գրողներուն հետ քննարկած է գրականութեան եւ մշակոյթի ոլորտներու դիմագրաւած խնդիրները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.