ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Մայիս 26ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Հասարակական ապահովութեան պետական ծառայութեան պետ Վազգէն Խաչիկեան յայտնած է, թէ Հայաստանի կառավարութեան որոշումին համաձայն, այս տարուան Նոյեմբերին կենսաթոշակները պիտի վճարուին 2500 դրամի (վեց տոլար) յաւելումով: Ըստ Խաչիկեանի, նշեալ բարձրացումը պիտի լուծէ նաեւ հասարակական խնդիր: «ՀՀ կառավարութեան այս փոփոխութեան որոշումը կախուած էր կազի գնի աճով, եւ կոչուած է որոշակի մեղմել սոցիալական այն հնարաւոր լարուածութիւնը, որը կարող էր հետեւել կազի գնի աճին», աւելցուցած է ան եւ նշած, թէ այժմ Հայաստանի միջին ապահովագրական կենսաթոշակը կը կազմէ շուրջ 26,000 դրամ, իսկ նոր փոփոխութիւններուն իբրեւ արդիւնք, անիկա պիտի կազմէ 28,500 դրամ (75 տոլար):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.