ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ, երկարատեւ ձգձգումէ ետք, Ատրպէյճան իր համաձայնութիւնը տուաւ Պաքուի մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին վրայ Մեթիու Պրայզայի նշանակման. այս մասին EurasiaNet.org-ին յայտնած է ամերիկացի անանուն պաշտօնեայ մը: «Քալիֆորնիա Տը Քուրիըր»ը հաստատեց Պրայզայի առաջադրման հաւաստիութիւնը Ուաշինկթընի իր սեփական աղբիւրներուն միջոցով: Կը նախատեսուի, որ Սպիտակ տունը շուտով հանդէս պիտի գայ պաշտօնական յայտարարութեամբ:
Ուշագրաւ է այն, որ անցեալ տարուան Յուլիսէն ի վեր Ամերիկան դեսպան չունէր Ատրպէյճանի մօտ: Երբ 2006 թուականին Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելուն համար Ճոն Էւանս յետ կոչուեցաւ Հայաստանի մօտ ԱՄՆի դեսպանի պաշտօնէն, Պուշի վարչակազմը ճնշում գործադրեց Ծերակոյտին վրայ, արագացնելու համար զայն փոխարինողի մը հաստատումը, պնդելով, թէ Միացեալ Նահանգները դեսպանի խիստ անհրաժեշտութիւն ունի այդ երկրին մէջ: Զարմանալի է, սակայն, Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի մէկամեայ բացակայութեան ընթացքին, Ուաշինկթընի մէջ նման հրատապութեան դրսեւորում չնկատուեցաւ: Նախագահ Ալիեւը այս յապաղումը, հաւանաբար, կը դիտէր իբրեւ արհամարհանք իր երկրին հանդէպ:
Մինչեւ 2009 թուականը, Մեթիու Պրայզան աշխատած է՝ իբրեւ ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնականի տեղակալ եւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով ստեղծուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկեան համանախագահ: Հետաքրքրական է, որ գործընկերները զայն կը կոչէին «Baby DAS» («Պէյպի ՏԱՍ»-Փոքրիկ Պետքարտուղարի օգնականի տեղակալ), անոր պաշտօնին արագ բարձրացման համար, հակառակ իր երիտասարդ տարիքին ու դիւանագիտական անփորձութեան:
Պաքուի մօտ անոր նշանակման ուշացումը կարելի է վերագրել Պրայզայի նկատմամբ Ատրպէյճանի մտահոգութեան ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վերջին նախաձեռնութիւններուն հանդէպ առկայ դժգոհութեան: Անոր նշանակումը յառաջիկային Ծերակոյտին կողմէ հաստատուելու ընթացքին, Պրայզա պէտք է հարցաքննուի անցեալին անոր ծաւալած գործունէութեան եւ Ատրպէյճանի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ վերջին շրջանին գոյութիւն ունեցող լարուածութեան մասին:
Ստորեւ՝ շարք մը հարցադրումեր, որոնք պէտք է նկատի առնուին Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամներուն կողմէ, Պրայզայի թեկնածութեան առաջադրման ընթացքին.
– Ինչո՞ւ Ատրպէյճանը այդքան երկար ժամանակէ ի վեր համաձայնութիւն չէր ցուցաբերած Ձեր նշանակման վերաբերեալ: Ի՞նչ բողոքներ ունէր Ատրպէյճանը Ձեր եւ տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան դէմ: Ի՞նչ երաշխիքներ տրուած են Ատրպէյճանին Միացեալ Նահանգներուն կողմէ՝ անոր մտահոգութիւնները փարատելու համար, նախքան Ձեր նշանակման գծով համաձայնութիւն տալը:
– Հակառակ Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ Ձեր եւ Մինսկի խումբի յամառ ջանքերուն, Հայաստանն ու Ատրպէյճանը տակաւին շատ հեռու են խաղաղութեան համաձայնագիրէ: Ի՞նչ խոչընդոտներ մնացած են այս հակամարտութեան լուծման համար: Հաշուի առնելով Ձեր ունեցած փորձառութիւնը տարածաշրջանին մէջ, իբրեւ ԱՄՆի դեսպան՝ ի՞նչ քայլերու պէտք է ձեռնարկել Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ, այլ ոչ թէ ռազմական ճանապարհով կարգաւորման ուղղութեամբ՝ Ատրպէյճանի համաձայնութիւնը ապահովելու համար:
– Նախագահ Ալիեւը ճնշում կը գործադրէ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի վերջինս չվերացնէ Հայաստանի շրջափակումը: Ինչպէ՞ս կը պատրաստուիք տարհամոզել Ատրպէյճանը, որ ան չխոչընդոտէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները:
– Հաշուի առնելով ժողովրդավարական չափանիշներու բացակայութիւնը Ատրպէյճանի մէջ, որ ակնյայտ է իր կեղծ ընտրութիւններով, մամլոյ ազատութեան պակասով եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ու ազգային փոքրամասնութիւններու հանդէպ ճնշումներու կիրառումով, ինչպէ՞ս կարելի է համոզել Ատրպէյճանի ղեկավարները, որ իրենց երկրին մէջ օրէնքի գերակայութիւն հաստատեն:
– Ի՞նչ պատգամներ փոխանցած էք Վրաստանի ղեկավարութեան, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 2008 թուականի պատերազմէն առաջ: Արդեօք ճշմարտութեան կը համապատասխանե՞ն այդ զեկոյցները, ըստ որոնց, դուք վրացիներուն խորհուրդ տուած էք, թէ Միացեալ Նահանգները ռազմականօրէն պիտի միջամտէ՝ Ռուսիոյ կողմէ յարձակման ենթարկուելու պարագային:
– Վստա՞հ էք, որ կրնաք իրականացնել ձեր դիւանագիտական պարտականութիւնները հմտօրէն ու անաչառ, հաշուի առնելով հայկական, ատրպեճանական եւ թրքական հիմնախնդիրներուն առնչութեամբ՝ ձեր կնոջ արտայայտած տեսակէտները:
(Պրայզա ամուսնացած է Թուրքիա ծնած Զէյնօ Պարանի հետ, որ Ուաշինկթընի «Հատսըն» հիմնարկէն արտաքին քաղաքականութեան վերլուծաբան մըն է: Անոնց հարսանեկան խրախճանքը տեղի ունեցած է յայտնի «Պալեան» ճարտարապետներու ընտանիքի նախկին տունը, Պոլսոյ մօտ գտնուող կղզիի մը մէջ: Այդ արարողութեան ներկայ էին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը եւ թուրք, վրացի ու ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ):
– Դուք որեւէ դերակատարութիւն ունեցա՞ծ էք դեսպան Ճոն Էւանսի յետկոչման եւ վաղաժամկէտ կենսաթոշակի անցնելու գործին մէջ: Ի՞նչ կը կարծէք, դեսպանը պէ՞տք էր պաշտօնանկ ըլլար պարզապէս Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը արտասանելուն համար: Ի՞նչ է ձեր սեփական տեսակէտը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Ի՞նչ կը կարծէք, վայե՞լ է նախագահ Օպամային դրժել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ իր նախընտրական խոստումը:
– Արտաքին գործոց նախարար Քլինթընի յղուած նամակով մը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ձեզ մեղադրած է «Հայաստանի առնչուող հարցերով» անաչառ չգտնուելու, «Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ ատրպեճանամէտ կողմնակալութիւն» ցուցաբերելու եւ «Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան՝ ԱՄՆի մեղսակցութիւնը» խրախուսելու համար: Ի՞նչ երաշխիքներ կրնաք տալ ամերիկացի ժողովուրդին, թէ՝ արդարօրէն եւ անկողմնակալօրէն պիտի իրականացնէք Ձեր դիւանագիտական պարտականութիւնները Ատրպէյճանի մէջ, իբրեւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական ներկայացուցիչ:
Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամները պէտք է հանգամանօրէն քննարկեն Պրայզայի թեկնածութիւնը, վստահ ըլլալու համար, որ հաստատման պարագային՝ ան Պաքուի մէջ պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու շահերը, եւ ոչ թէ հակառակը, նկատի ունենալով, որ թէ՛ ան եւ թէ անոր կինը՝ Զէյնօ Պարանը, սերտ կապեր ունին ինչպէս Թուրքիոյ, նոյնպէս եւ Ատրպէյճանի մէջ: 2005 թուականին, Ծերակոյտին ներկայացուցած իր ելոյթին մէջ, Պարան դէմ արտայայտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին, իսկ անոր ամուսինը լրագրողի մը ըսած էր, թէ Թուրքիան իր «երկրորդ տունն է»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
Խմբագիր