ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպայի խորհրդարանի ընդունած թիւ 2216 բանաձեւին մէջ նշուած՝ ազատագրուած տարածքներէն հայկական ուժերու դուրսբերման պահանջքէն բացի, եւս 2 մտահոգիչ կէտեր հանրութեան եւ Հայաստանի իշխանութիւններու ուշադրութեան կը յանձնէ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը, երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Ըստ Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավարին, բանաձեւը կ՛առաջարկէ Մինսկի խումբի համանախագահ Ֆրանսան փոխարինել Եւրոմիութեան (ԵՄ) ներկայացուցիչով: Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, այդպիսի փոփոխութեան պարագային, ԵՄ անդամ երկիրները յետագային կարգով կը ստանձնեն համանախագահի պաշտօնը:
Յովհաննիսեան նաեւ յայտնած է, որ պէտք է «նախազգուշացնել յատկապէս նախագահը, թէ հիմա է պէտք ջանքեր գործադրել՝ թոյլ չտալու, որ այս բանը տեղի ունենայ»:
Յովհաննիսեանի կարծիքով, մտահոգիչ երկրորդ խնդիրը այն է, որ «խստագոյն ռեկոմենդացիա (յանձնարարական-Խմբ.) է տրւում՝ ստեղծելու Սեւծովեան միութիւն: Եթէ ստեղծւում է Սեւծովեան միութիւն, այնտեղի հիմնական տօն տուող (կշիռ ունեցող-Խմբ.) երկրները կը լինեն Ռուսաստանն ու Թուրքիան: Ես փորձելու եմ մեր իշխանութիւններին համոզել, որ ոչ մի դէպքում չմասնակցեն այս միութեանը, եթէ այն ստեղծուի»:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը համոզուած է, որ Հայաստանի նկատմամբ միջազգային ճնշումները սաստկացած են 3 պատճառներով.
Առաջին՝ իշխանութիւնները ցոյց տուած են, որ պատրաստ են զիջումներ կատարելու՝ նոյնիսկ ազգային շահերու հաշուոյն: Ասոր ապացոյցը՝ հայ-թրքական գործընթացն է:
Երկրորդ՝ կառավարութիւնը իր ուզած որոշումը ճնշումներու ճամբով քուէարկութեամբ վաւերացնել կու տայ Ազգային ժողովին:
Երրորդ՝ Հայաստանի հասարակութիւնը չի հաւատար իշխանութեան:
Պատգամաւորը միջազգային ճնշումներէն խուսափելու համար, ՀՀ նախագահին կ՛առաջարկէ 3 քայլ կատարել: Նախ՝ ետ կանչել հայ-թրքական արձանագրութիւններու տակ դրուած ստորագրութիւնը, լսել ընդդիմութեան ձայնը եւ երկրին մէջ հաստատել արդարութիւն եւ օրէնքի առջեւ բոլորին հաւասարութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.