Կարծես երէկ էր, երբ առաջին անգամ իրենց քայլերը սկսան՝ Վարդան եւ Սիրանուշ Գէորգեանները, իրենց պարախմբային կազմակերպչական աշխատանքները՝ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէութեան Հայ կեդրոնին մէջ, ուր նաեւ կը գործէր Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը՝ հայ մշակոյթը տարածելու համար:
Այդ օրէն անցած են 15 տարիներ եւ այժմ Վարդան եւ Սիրանուշ Գէորգեաններու ակադեմական միջազգային պարարուեստի դպրոցը յայտնի է իր բացառիկ նուաճումներով:
Ընտանեօք հանդերձ պատիւը ունեցանք ներկայ գտնուելու կազմակերպուած պարային ճոխ ցուցադրութեան, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 9, 2010ին, Մայրերու օրուան եւ Վարդան ու Սիրանուշ Գէորգեաններու միջազգային պարարուեստի դպրոցի հիմնադրութեան 15րդ տարեդարձին առթիւ, աշխարհահռչակ «Նոքիա» հանդիսասրահին մէջ:
Սրահի բեմահարթակը զարդարեր էին շուրջ 600 պարողներ…
Անկարելի է…
600 պարողներ միաժամանակ բեմահարթակի վրա՞յ…
Սակայն… տեսայ, զարմացայ եւ հիացայ:
Վարձքերնիդ կատար, յարգելի Վարդան եւ Սիրանուշ Գէորգեաններ:
Կը շնորհաւորեմ եւ կը մաղթեմ ձեզ նորանոր նուաճումներ:
Յարգանքներով՝
Պօղոս Մելքոնեան
Մայիս 20, 2010, Կլենտէյլ