ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային գրադարանի փոխտնօրէն Ռաֆիկ Ղազարեան Մայիս 26ին կայացած հանդիպման մը ընթացքին յայտնած է, թէ գրադարանը տարեկան կը տրամադրէ շուրջ 2 միլիոն գիրք։
«Ազգային գրադարանում ընթերցողների թիւը վերջին տարիներին կայունացել է, եւ մեծ չափով աւելացում կամ նուազում չի լինում: Ընթերցողների հիմնական մասը ուսանողներ են», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ գրադարանը ուսանող ընթերցողներուն համար ստեղծած է հնարաւորութիւն մը գիրքերը պատճէնահանելու, որպէսզի պահանջուած գրականութեամբ օգտուողներուն համար հերթեր կամ խնդիրներ չառաջանան:
Ռ. Ղազարեան նաեւ նկատած է, որ նախորդ 20 տարիներուն համեմատ, այժմ աւելի պահանջուած են հայալեզու գիրքեր:
Միւս կողմէ, Հայաստանի մօտ ֆրանսական դեսպանութեան մշակոյթի եւ համագործակցութեան հարցերով խորհրդական Ժան Փօլ Մարտեն յայտնած է, թէ Ֆրանսայի մէջ ընթերցանութեան հանդէպ հետաքրքրութեան պակասը կապ ունի գիրքերու բաւական սուղ գիներուն հետ։ Ան նշած է, որ վերջերս մշակուած է եւ կը կիրառուի ելեկտրական գիրք կոչուած գործիքը, որուն մէջ ներառուած են 3-4 հազար ստեղծագործութիւններ: Ընթերցողներուն համար վերջինս յարմար տարբերակ է մատչելի գիրքեր, գրականութիւն ձեռք բերելու եւ կարդալու համար:
«Ի տարբերութիւն հարեւան Անգլիոյ, մեր մօտ՝ Ֆրանսայի մէջ, աւելի քիչ կը կարդան. եթէ օրինակ վերցնենք ուղղակի գետնուղիէն օգտուողները, կը տեսնենք, որ Անգլիոյ մէջ ուղեւորներու 90 տոկոսը գետնուղիին մէջ կը կարդան, իսկ մեր մօտ՝ գրեթէ ոչ ոք: Այնպէս որ, ընթերցանութեան հետ կապուած խնդիրները ամէնուրեք են», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.