ՑՈԼԱԿ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, տեսնելով գալիք վտանգը՝ Սովետական միութեան վարչակարգը մէկ կողմ դրաւ հայրենասիրութեան դէմ իր երբեմնի քաղաքականութիւնը, եկեղեցիներու մէջ հնչեցուց զանգերը եւ զօրավիգ կանգնեցաւ հանրապետութիւններու ազգային զգացմունքներու եւ ազգասիրական գաղափարներու տարածման գործին, նպատակ ունենալով շահիլ այդ երկիրներու ժողովուրդներուն օժանդակութիւնը ռուսական բանակին:

Իրօք, Սովետական բոլոր հանրապետութիւններուն մէջ կրկին արթնցաւ ազգային կրօնական զգացումները:
Այդ մթնոլորտին մէջ համայն հայութեան լծակները ուղղուեցան դէպի «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային ջոկատի կազմաւորման ու ֆինանսաւորման գործին: Անիկա հայկական այն ջոկատն էր, որ սխրանքներ գործեց երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին եւ արիաբար մարտնչեց ֆաշիզմի դէմ: Նման աջակցութիւններու ցուցաբերման գործին մէջ անմասն չմնաց նաեւ սփիւռքահայութիւնը, նամանաւանդ, երբ մեր քերթութեան վարպետ Ա. Իսահակեանը մամուլով կոչ ըրաւ համայն հայութեան զօրավիգ կանգնելու հանգանակութեան գործին:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը այն ժամանակ վերապահօրէն մօտեցաւ այս կոչին, որուն համար ալ Ա. Իսահակեանը հրապարակաւ քննադատեց Դաշնակցութեան կեցուածքը: Պէյրութի մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը դոկտ. Երուանդ Խաթանասեանն էր, որ քննադատական մօտեցումով այպանեց Ա. Իսահակեանի ունեցած ելոյթը դաշնակցութեան հասցէին, որուն իբրեւ արդիւնք, գրականագէտ Պօղոս Սնապեանը (Պէյրութ) իր տարեգիրքին մէջ առաջադրեց այն հարցը, թէ Ա. Իսահակեանի «Մօր Սիրտը» բանաստեղծութիւնը ինքնուրոյն գործ չէ, այլ առնուած է գերմանական քերթուածներէ: Պէյրութի Հայ մամուլին մէջ գրական այս վէճը շարունակուեցաւ: Անդրանիկ Ծառուկեանի խմբագրութեամբ «Նայիրի» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսաւ շատ հետաքրքրական եւ խորիմաստ յօդուած մը: Այդ ժամանակ ես կը գտնուէի Պաղտատ, եւ երբ կարդացի յօդուածը, որ ծածկանունով լոյս տեսած էր, ցանկացայ իմանալ հեղինակին բուն անունը: Անմիջապէս, երբ Պէյրութ վերադարձայ, գացի Ծառուկեանին մօտ, անոր հարցուցի թէ ո՞վ է այդ յօդուածին հեղինակը: Ան պատասխանեց ըսելով. «Միայն քեզ կ՛ըսեմ եւ գաղտնի պահէ, հեղինակն է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Առաջին վեհափառը»:
Վեհափառին յօդուածէն ետք տիրեց անդորրութիւն եւ վերջ գտան վիճաբանութիւնները՝ իւրաքանչիւրը մնալով իր իսկ բարձունքին վրայ:

1991ին, երբ Հայաստան կը գտնուէի, նախագահական ընտրութիւններուն համար Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուն՝ Սօս Սարգսեանը, ընտրապայքարին պարտուած էր: Տիրող տրամադրութենէն դուրս գալու համար, ան ցանկութիւն յայտնեց միասին Վեհափառին աջը համբուրելու նպատակով Էջմիածին երթալ: Մեզի ընկերացան թուաբանագէտ Համլէտ Միքայէլեանը եւ յայտնի շարժապատկերի բեմադրիչ Յովիկ Հախուերդեանը: Երբ հասանք Էջմիածին եւ մեզի յաջողեցաւ ներկայանալ վեհափառին, խոնարհաբար համբուրեցի անոր աջը եւ յանկարծ յիշեցի Ա. Ծառուկեանի խօսքը, ու ներկայացուած առիթէն օգտուելով՝ անոր պատմեցի պատահածը: Վեհափառը հետաքրքրութեամբ լսելէ ետք, փափաք յայտնեց այդ յօդուածէն օրինակ մը ունենալ եւ ես ամենայն ուրախութեամբ խոստացայ կատարել իր փափաքը: Երբ վերադարձայ Ամերիկա, հեռախօսային կապ ունեցայ Պօղոս Սնապեանին հետ եւ խնդրեցի իրմէ որ այդ յօդուածը ղրկէ ինծի, որպէսզի ես ալ իմ կարգիս, զայն ուղարկեմ վեհափառին:
Տեսնելով, որ Սնապեան կ՛ուշացնէ յօդուածին առաքումը, դիմեցի UCLA-ի հայագիտական արխիւներու բաժանմունքի պատասխանատու Ծիա Այվազեանին եւ անկէ խնդրեցի յօդուածէն օրինակ մը: Շաբաթներ ետք, ան ցաւօք յայտնեց, թէ «Նայիրի» շաբաթաթերթի արխիւներուն մէջ կը պակսէին բաւական շատ թիւեր, եւ խորհուրդ տուաւ դիմել Պէյրութ: Ես Պօղոս Սնապեանին հետ կրկին կապ հաստատեցի, սակայն, դժբախտաբար, չյաջողեցայ կատարել խոստումս, որուն համար մինչեւ այսօր կը կրեմ այդ ցաւը:
Երբ վեհարանէն դուրս եկանք, Սօսը դարձաւ իմ կողմս եւ ըսաւ. «Հիմա գնանք զօրավար Սմբատի շիրիմին յարգանքի տուրք մատուցելու»:
Սուրբ Էջմիածինէն ոչ շատ հեռու կը գտնուի Ս. Հռիփսիմէի եկեղեցին, որուն բակին մէջ հանգչած է զօրավարը: Մենք չորս հոգի էինք՝ շիրիմին շուրջ խմբուած. պահ մը խոր լռութիւն տիրեց: Այդ խորհրդաւոր պահուն լսելի դարձաւ Սօս Սարգսեանի թաւ ու ազդեցիկ ձայնը. «Չնայած փոքր ազգ ենք եղել եւ միշտ կոտորել են մեզ, բայց մենք միշտ կառչած ենք մնացել մեր հողին եւ գոյատեւել. մեր ֆեդայիները ինչպիսի՜ հերոսական կռիւներ մղեցին ընդդէմ թշնամուն, այսօր էլ Արցախի արծուասիրտ ազատամարտիկները քաջաբար պայքարում են ընդդէմ չար ոսոխի: Այսպիսով մենք հինգ դար ստրկութիւնից յետոյ, 1918թ. կերտեցինք Առաջին հանրապետութիւնը, որի իրաւական հիմքերի վրայ իրականացաւ նաեւ Երկրորդը, եւ մենք այսօր ունենք մեր Երրորդ հանրապետութիւնը: Հայ ազգը պիտի շատանայ, զօրանայ եւ դառնայ աշխարհի առաջադէմ ու զարգացած ազգերից մէկը»:
Երբ ան աւարտեց իր խօսքը, նայեցանք մեր շուրջը եւ տեսանք, որ բազմութիւն մը հաւաքուած է այնտեղ: Անոնք լսեր էին, որ Սօսը Էջմիածին կը գտնուի, եկած էին զայն տեսնելու եւ ողջագուրուելու անոր հետ: Ներկաներէն երկու հոգի մօտեցան անոր եւ հրաւիրեցին հիւրասիրութեան վայր՝ ճաշելու համար: Սօսը շնորհակալութին յայտնեց եւ ըսաւ. «Չենք կարող, որովհետեւ եղբայրս Երեւանի հիւանդանոցում բուժւում է եւ ես նրա մօտ պիտի լինեմ»: Անոնք խոստացան, որ մեզ երկար պիտի չպահեն եւ, ի վերջոյ, յաջողեցան մեզ իրենց մօտ ճաշի պահել:
Սկսաւ ճաշկերոյթը՝ հայկական խորովածը, որուն մէջ անպակաս էին ոգելից խմիչքն ու բաժակաճառերը: Հրաժեշտի պահուն, անոնք իւրաքանչիւրիս նուիրեցին նախապէս պատրաստուած կապոցներ եւ մեզ ճամբեցին Երեւան: Ճանապարհին, ինքնաշարժին մէջ, կը տիրէր տխուր լռութիւն մը, քանի որ Սօս Սարգսեանի եղբօր առողջութիւնը յուսադրիչ չէր. ան քաղցկեղէ կը տառապէր: Երբ հասանք Երեւան, գացինք ուղղակի հիւանդանոց, բարձրացանք երկրորդ յարկ: Բժիշկները, բուժքոյրերն ու աշխատակիցները, բոլո՛րն ալ խոր յարգանքով կը մօտենային Սօսին՝ խոնարհաբար կը բարեւէին եւ կ՛ողջագուրուէին անոր հետ: Ահա թէ որքա՛ն սիրուած էր ան, իր հայրենակիցներուն կողմէ: Երբ մտանք սենեակ, հիւանդը անթարթ աչքերը առաստաղին յառած՝ պառկած էր. երբ զգաց եղբօր ներկայութիւնը, անմիջապէս ելաւ անկողինէն: Երկու եղբայրներ ջերմօրէն գրկախառնուեցան. լսելի էր միայն հեկեկանքներ: Ես, որ նման առիթներ չեմ փախցներ նկարելու համար, յուզումէս մոռցած էի ամէն բան: Այդ պահուն զգացի, որ մէկը ամուր սեղմեց ձեռքս եւ գրկեց զիս: Անպայմա՛ն, մեր հայ նկարիչներէն մէկը պաստառի վրայ կը կենդանացնէ երկու եղբայրներու գրկախառն ողջագուրումը Երեւանի հիւանդանոցին մէջ: Այն, զոր ես չկրցայ իրականացնել՝ խիստ յուզուած ըլլալուս պատճառով: Օրը Կիրակի էր՝ կեանքիս ամենաերկար Կիրակին. առաւօտեան վեհափառին քովն էինք. ստանալով անոր օրհնութիւնը, հոգեպէս կայտառացած՝ ուրախ ու զուարթ դուրս եկանք վեհարանէն, իսկ երեկոյեան տխրութեան ծանր բեռի տակ կքած՝ հեռացած էինք հիւանդանոցէն:
2010, Փասատինա