ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ Սաքրամենթոյի մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, նահանգնին տարուան փոքր գործարարը հռչակած է Հայ Դատի երկար տարիներու աջակիցներէն Գէորգ Զէյթունեանը, որ սեփականատէրն է «The Pasadena Watch Company»ին:

Փորթանթինօ, որ Զէյթունեանի խանութը թեկնածու դարձուցած էր այս մրցանակին, դրուատեց նաեւ համայնքին նեցուկ կանգնելու Զէյթունեանի պատրաստակամութիւնը:
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Իշխան Պօղոսեան ողջունեց այս իրադարձութիւնը:
Գէորգ Զէյնթունեան նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած իր հարիւրամեայ հօր պատմութիւնը տարածելու եւ զայն օտարներու ծանօթացնելու աշխատանքին մէջ: