Մայիս 20ի երեկոյեան, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ Արանց միութիւնը յատուկ երեկոյթ մը կազմակերպած էր՝ լսելու համար գաղութիս ծանօթ ազգայիններէն Յարութ Սասունեանի ելոյթը, անոր հայանպաստ գործերու մասին: Ներկայ էին հարիւրի մօտ անձինք, տարբեր կազմակերպութիւններէ:
Սեղաններուն օրհնութիւնը կատարեց հիւրընկալ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանը:
Յարութ Սասունեան, որ փոխնախագահներէն մէկն է «Լինսի» հիմնադրամին, խօսեցաւ 1988ի երկրաշարժէն սկսեալ տարիներէն ի վեր կատարուած մարդասիրական հսկայ օգնութեան մասին, անդրադառնալով նաեւ Հայաստանի մէջ կառուցուած պողոտաներու, դպրոցներու եւ ա՛յլ հաստատութեանց, որոնք «Լինսի» հիմնադրամի յատկացումներով իրականացան:
Հարց ու պատասխանի ժամուն ներկաները հարցուցին նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ վերաբերեալ քաղաքական յարաբերութեանց մասին, որոնց Սասունեան տուաւ հանգամանալից պատասխաններ:
Առաջնորդին կողմէ խօսք առաւ դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանը՝ բարձրօրէն գնահատելով Սասունեանին ներդրումը այլազան բարեսիրական աշխատանքներու մէջ: Ապա ան «Պահպանի»չ օրհնութեան աղօթքով փակեց երեկոյի յայտագիրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.