ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կազմակերպութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Յունիս 4ին կայացաւ հայրենադարձներու հաւաք, որուն մասնակցեցան աւելի քան 100 սփիւռքահայեր: Ողջունելով ներկաները՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը կարեւոր համարեց նման հաւաքներու իրականացումը, նկատի առնելով, որ սփիւռքահայերը անմիջականօրէն կը ներկայացնեն իրենց կարծիքներն ու մտահոգութիւնները։
«Այստեղ գտնւում են այն սփիւռքահայերը ովքեր աւելի լաւ գիտեն Սփիւռքը, քաջածանօթ են խնդիրներին: Նրանց իմացութիւնը ուզում ենք ճիշդ օգտագործել մեր ծրագրերում, որպէսզի առաւել արդիւնաւէտ աշխատանք իրականացուի: Այստեղ ներկաները այն մարդիկն են, ովքեր չնախընտրեցին այլ երկրում հանգիստ կեանքը եւ որոշեցին հայրենիքի կանչով վերադառնալ իրենց արմատին, հաստատուել Հայաստանում», յայտնեց Հ. Յակոբեան, որուն խօսքով, այդ սփիւռքահայերը կը փորձեն իրենց հնարաւորութիւններուն, գիտելիքներուն եւ կապերուն շնորհիւ որոշ գործեր իրականացնել Հայաստանի մէջ: Նախարարը նկատեց, որ ատիկա կրնայ լաւ օրինակ ծառայել այլ սփիւռքահայերու համար:
«Հայրենիքը չեն սիրում նրա համար, որ լաւն է, հայրենիքը սիրում են նրա համար, որ քո՛նն է: Հայրենադարձ սփիւռքահայերը չփնտռեցին տարբեր պատճառներ եւ վերադարձան: Հայաստանում էլ կայ ե՛ւ կոռուպցիա (կաշառակերութիւն, փտածութիւն), ե՛ւ անարդարաութիւն, ե՛ւ վատ չինովնիկներ, բայց եթէ բոլորս երես թեքենք հայրենիքից, ապա ո՞վ պէտք է կառուցի հայոց պետականութիւնը, որը դարեր շարունակ կորցրել ենք», յայտնեց Հ. Յակոբեան եւ յիշեցուց նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքը, թէ՝ Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է:
Հ. Յակոբեանի խօսքով, Հայաստանի մէջ Սփիւռքի մասին կայ կարծրատիպ մը, ըստ որուն, Սփիւռքը հարստութեան կառոյց է, ուրկէ կարելի է տոլարներ բերել:
«Ո՛չ, այսօր ասում ենք բոլոր սփիւռքահայերին, եկէ՛ք Հայաստան եւ գումար վաստակէք, եկէք ներդրումներ կատարէք եւ աշխատատեղ ստեղծէք: Ի հարկէ, կան նաեւ դժուարութիւններ, սակայն պետական քաղաքականութիւնը հետեւեալն է՝ Հայաստանում ստեղծել բոլոր հնարաւոր պայմանները սփիւռքահայերի գործունէութիւնն ապահովելու համար», ըսաւ նախարարը:
Այնուհետեւ, խօսելով նախարարութեան մասին՝ նշեց, որ այս կառոյցին առկայութիւնը կը նշանակէ սփիւռքահայու ձայնը ապահովել Հայաստանի կառավարութեան մէջ: Նախարարութիւնը պէտք է մշակէ պետական քաղաքականութիւն՝ Հայաստանի մէջ դիւրացնելով սփիւռքահայու գործունէութիւնը, նաեւ պէտք է համակարգէ Սփիւռքին հետ կապուած պետական բոլոր մարմիններու գործունէութիւնը, սերտացնէ Հայրենիք-Սփիւռք կապերը, մշակէ այնպիսի համահայկական ծրագիրներ, որոնք կրնան այս կամ այն կերպ համախմբել ողջ հայութիւնը:
«Սփիւռքի նախարարութիւնն ստեղծուեց սփիւռքահայերի պահանջով, արդիւնքում՝ երրորդ նախագահն ականջալուր եղաւ սփիւռքահայերի պահանջներին եւ ստեղծեց այդ կառոյցը, որը բացառապէս գործում է պետական միջոցներով: Մեզ համար բոլոր հայերը հայ են, մենք չենք տարբերակում Ռուսաստանի կամ Ֆրանսիայի հայերին: Մենք պարտաւոր ենք աշխարհի բոլոր հայերի հետ աշխատել», աւելցուց Հ. Յակոբեան եւ հաստատեց, որ նախարարութիւնը կը համագործակցի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայկական կազմակերպութիւններուն եւ դեսպանատուներուն հետ:
Նաեւ, հայապահպանութեան գործին մէջ նախարարը կարեւոր համարեց լեզուի եւ ընտանիքի պահպանման հարցերը: Հ. Յակոբեանի խօսքով, այլ երկիրներու մէջ գործող հայկական դպրոցները ունին ընդամէնը 250,000 աշակերտ, որ բաւական փոքր թիւ է 7 միլիոն սփիւռքահայերուն համար, եթէ նկատի ունենանք, որ անոնց 2.5 միլիոնը դպրոցական տարիքի կը պատկանի։ Նախարար Յակոբեանը նաեւ յայտնեց, որ պէտք է համախմբել Սփիւռքի ողջ ներուժը եւ զայն օգտագործել ի նպաստ հայրենիքի զարգացման:
Այնուհետեւ նախարարի տեղակալ Ստեփան Պետրոսեան ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները. աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ իրենց մտահոգութիւններն ու առաջարկները ներկայացնելու նախարարութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.