ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը Յունիս 3ին քննած է «Անասնաբուժութեան մասին» օրէնքին եւ շարք մը այլ օրէնքներու մէջ փոփոփոխութիւններ կատարելու նախագիծերուն փաթեթը, զոր ներկայացուցած են Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ: Նշեալ փաթեթով պատգամաւորները կ՛առաջարկեն «անասնաբուժութիւն», «անաս» արմատով եւ անոր հոլովաձեւերով բոլոր բառերը փոխարինել «կենդանաբուժութիւն» եւ «կենդան» հիմքի հոլովաձեւ ունեցող բառերով:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի փոխանցած տեղեկութիւններով, նման օրինագիծ ընդունելու առաջարկով հանդէս եկած են նաեւ ոլորտի մասնագէտները եւ փորձագէտները: Գործադիր մարմինը, սկզբնական առարկութիւն չունենալով՝ առաջարկած է կատարել շարք մը փոփոխութիւններ:
Օրինագիծը եւ կառավարութեան համապատասխան եզրակացութիւնը՝ սահմանուած կարգով պիտի ներկայացուին Հայաստանի Ազգային ժողով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.