ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի 55ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այդ տարեդարձը նշելու համար, ճաշկերոյթ մը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 12ին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ:
Կազմակերպման աշխատանքին կը մասնակցին համալսարանի Շրջանաւարտից միութիւնը, Կանանց օժանդակ մարմինը եւ համալսարանի բարեկամներ ու համակիրներ:
Նշելէ ետք թէ՝ համալսարանը կը շարունակէ ընդարձակել իր գործունէութիւնը եւ տրամադրելի դասընթացքները, համալսարանի տնօրէնը՝ պատուելի դոկտ. Փօլ Հայտոսեան, կոչ կ՛ընէ շրջանաւարտներուն, որ կապի մէջ մնան իրենց համալսարանին հետ եւ աջակցին համալսարանին նեցուկ կանգնելու համար Լիբանանի կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներուն:
Ճաշկերոյթին կ՛ընկալուի Հայտոսեանի եւ նախկին տնօրէններուն՝ դոկտորներ Ճան Մարգարեանի, Գիլպերթ Պիլեզիքճեանի եւ Ճան Խանճեանի մասնակցութիւնը, իսկ օրուան գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ դոկտ. Մանուկ Մանուկեանը, որ ծանօթ է իբրեւ համալսարանի «Rocket Society»ի հիմնադիր եւ Ցեղասպանութեան նուիրուած չորսժամեայ «The Genocide Factor» պատկերասփիւռային յայտագրի համահեղինակ ու արտադրիչ: Այդ շարքը ցուցադրուած է ամերիկեան հանրային «Փի.Պի.Էս.» կայանէն:
Կը խնդրուի համալսարանի շրջանաւարտներն ու բարեկամներէն, որ կապ պահելով (818) 281-0351 թիւին կամ alumni@haigazian.edu.lb հասցէին՝ իրենց նորագոյն հասցէները փոխանցեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.