ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նուպարաշէնի թունաւոր քիմիական նիւթերու գերեզմանոցի չէզոքացման աշխատանքներուն անդրադառնալով՝ Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան աշխատակազմի տնտեսական վարչութենէն Ռոման Չօպանեան յայտնած է, թէ իրենք ո՛չ միայն նուազեցուցած են վտանգը, այլ ամբողջութեամբ վերացուցած են զայն։
«Այս պահին առաջնային խնդիրը վտանգը չէզոքացնելն էր», ըսած է Ռ. Չօպանեան՝ նշելով, որ Նուպարաշէնի մէջ կայ ընդհանուր ծաւալով 15-20 հազար թոնի հասնող թունաւոր նիւթեր եւ հողի աղտոտած շերտ:
Անոր հաւաստումով, աշխատանքները պիտի աւարտին Յունիս 28ին: Այժմ կ՛ընթանան շինարարական աշխատանքներ՝ ջրահեռացման համակարգի կառուցման ուղղութեամբ, եւ աւարտական փուլի մէջ կը գտնուի վտանգի մասին զգուշացնող ու մուտքը արգիլող նշաններու տեղադրման գործընթացը: Նշեալ ծրագիրներուն իրականացման համար յատկացուած է 31 միլիոն 650 հազար դրամ։
Բնապահպանութեան նախարարութեան կողմէ վերանայուած ծրագիրները Ռ. Չօպանեան կը համարէ բաւական լուրջ: «Այս ծրագրերը մենք կը փորձենք ներառել 2011ի պիւտճէում, քանի, որ այդ խնդիրները եւս բաւականին կարեւոր են. մեր երկիրը, կարծես, թէ ջրային ռեսուրսների (աղբիւրների) սպառման եզրին է», ըսած է բաժնի պետը՝ նշելով, որ իրենց գլխաւոր խնդիրը բնապահպանական անվտանգութիւնը ապահովելն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.