ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 12ին տեղի ունեցած Հայոց համազգային շարժում (ՀՀՇ) կուսակցութեան վարչութեան նիստին, իր հրաժարականը ներկայացուցած է վարչութեան փոխնախագահ Խաչատուր Քոքոբելեան, որ նաեւ դուրս եկած է ՀՀՇի վարչութենէն։
Ըստ շրջող լուրերու, ՀՀ տարբեր մարզերու մէջ բաւական մեծ գործերու (քարի հանքեր) տէր Խաչատուր Քոքոբելեանը կը համարուի ՀՀՇի մէջ իշխանութիւններուն կողմէ նշանակուած անձ:
Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, Քոքոբելեան վերջին շրջանին փորձած է ՀՀՇի վարչութեան մէջ տարաձայնել, թէ ինք կը տիրապետէ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ NDA-ի հարցումներու տուեալներուն, ըստ որոնց, ՀՀՇն առնուազն 10 տոկոս «rating» ունի ու յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պէտք է մասնակցի միայնակ, եւ թէ ինք ջանք չի խնայեր Կոնգրեսի ու ՀՀՇի միջեւ վատ յարաբերութիւններ ստեղծելու գծով, որպէսզի ՀՀՇն միայնակ մասնակցի ընտրութիւններուն։
ՀՀՇ վարչութեան անդամ եւ լրատուական ծառայութեան ղեկավար Կարէն Կարապետեան յայտնեց, թէ Խաչատուր Քոքոբելեանի հրաժարականին վերաբերեալ տարաձայնութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան: Անոր հաւաստումով, Խ. Քոքոբելեան որոշ տարաձայնութիւններ տարածած է Հայ ազգային կոնգրեսի քաղաքական գիծին վերաբերեալ, ու անոր մասին արտայայտուած է հրապարակաւ: Ըստ Կ. Կարապետեանի, միշտ կողմ ըլլալով աւելի բաց եւ թափանցիկ քաղաքականութեան՝ Քոքոբելեան առաջարկած է ընդդիմութեան անորոշ քաղաքական ուղեգիծը փոխարինել աւելի յստակ, որոշակի եւ վճռական գործողութիւններով:
Կ. Կարապետեան նաեւ ըսաւ, թէ Խ. Քոքոբելեան դիմում ներկայացուցած է միայն կուսակցութեան վարչութենէն դուրս գալու համար, ինչ որ, սակայն, չէ քուէարկուած վարչութեան կողմէ, այլ ընդունուած է ի գիտութիւն:
Նշենք, որ ըստ «Թերթ»ի լրատուութեան, ՀՀՇ վարչութեան Կիրակի օրուան նիստին ընթացքին հրաժարութեան դիմում ներկայացուցած է նաեւ ՀՀՇ վարչութեան նախագահ Արարատ Զուրաբեանը:
Այս առնչութեամբ, Կարէն Կարապետեան «Թերթ»ի թղթակիցին յայտնեց, թէ ՀՀՇ վարչութեան նիստին Ա. Զուրաբեանը առաջարկած է քննարկման դնել իրեն վստահութիւն յայտնելու հարցը: Վարչութիւնը մերժած է օրակարգի վրայ ընդգրկել այդ հարցը՝ «դրանով ապացուցելով, որ վստահութեան խնդիր չկայ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.