ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանեան առաջատար համացանցային ծառայութիւններ տրամադրող ընկերութիւններէն Xter.net-ը, Մայիսի աւարտին անսպասելիօրէն դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը՝ համացանցի կապէն զրկելով հարիւրաւոր բաժանորդներ, եւ ստիպելով քանի մը տասնեակ ընկերութիւններու ու որոշ պետական մարմիններու, որ մտածեն իրենց կայքէջերը փրկելու մասին։
Նշենք, որ Xter.net-ը Հայաստանի մէջ կը հանդիսանար համացանցային առաջատար ընկերութիւններէն մէկը, որ կը տրամադրէր համացանցային բազմազան ծառայութիւններ:
Ընկերութեան անբարեխղճութեան զոհերէն է Գիւմրիի լրագրողներու «Ասպարէզ» ակումբը, որուն խորհուրդի նախագահ Լեւոն Բարսեղեան յայտնեց, թէ իրենք այդ ծառայութենէն կ՛օգտուէին 2004էն ի վեր:
«Մայիսի 21ին անջատուեց մեր «հոլտինկ»ը, եւ ինչպէս ես յետոյ պարզեցի, անջատուել է մի քանի հարիւր պատուիրատուների ինթըրնեթային կայքը: Ես տեղեակ եմ, որ մի շարք կայքերի տէրեր իրենց ինթըրնեթային բովանդակութիւնը եզակի օրինակով ունէին՝ միայն xter.net-ի համակարգիչների մէջ: Փաստօրէն, իրենք կորցրել են իրենց կայքերը, առանց որեւէ նախազգուշացման, ինչը չտեսնուած անբարոյականութիւն է», ըսած է Բարսեղեան՝ աւելցնելով, թէ ինք անիմաստ կը համարէ Xter.net-ի դէմ դատական հայց ներկայացնելը: «Դատի տալը արդիւնք չունի, որովհետեւ, ամենայն հաւանականութեամբ, կը գան, կ՛ապացուցեն, որ իրենք սնանկ են. բայց ի վերջոյ, կայ պայմանագիրը ստորագրող մարդ, որին մենք կը գտնենք ու մի երկու քաղցր խօսք անպայման կ՛ասենք», իր խօսքը աւարտած է «Ասպարէզ» ակումբի խորհուրդի նախագահը:
Միւս կողմէ, ոլորտին մասնագէտները նշած են, որ Xter.net-ը որեւէ խնդիր չէր ունեցած, երբ անոր սեփականատէրը արդարադատութեան նախկին նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանի եղբայրն էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.