ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ Հոկտեմբերին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) «Թորնթըն» երաժշտանոցին ու Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին միջեւ գոյացած կրթական փոխանակման համաձայնագիրով Լոս Անճելըս այցելած Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի վարիչ դոկտ. Սերգէյ Սարաճեանի եւ անոր կնոջ ի պատիւ, Ապրիլ 17ին ձեռնարկ մը կազմակերպուած էր Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ:
Համալսարանին մէջ գործող «Հայկական երաժշտութեան բարեկամներ»ուն կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկին ներկայ էին մօտաւորապէս 100 հիւրեր, որոնք առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու դոկտ. Սարաճեանին:
Դոկտ. Սարաճեան իր կեցութեան ընթացքին նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ համալսարանի պաշտօնատարներուն հետ, մասնակցեցաւ դասախօսութիւն-դաշնակի համերգի մը ու բանախօսութիւն մը տուաւ համալսարանի «Մարսիա Լուքըս» շէնքի սրահին մէջ:
Հայկական երաժշտութեան բարեկամներ կազմակերպութեան նախագահ Արտեմիս Պետրոսի համաձայն, կրթական փոխանակման համաձայնագիրով իրականացուող դոկտ. Սերգէյ Սարաճեանի այցելութիւնը կարելի է յատկանշական յաջողութիւն համարել, որովհետեւ համալսարանի պաշտօնատարներ աւելի մօտէն ծանօթացած են Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին՝ գործակցութեան յաւելեալ կարելիութիւններ ստեղծելով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.