ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ճեմիլ Չիչեք Երեքշաբթի, Յունիս 15ին յայտնեց, որ Թուրքիա պիտի չգոհանայ «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին դէմ յարձակումին ուղղութեամբ՝ Իսրայէլի կողմէ կազմուած միակողմանի յանձնախումբի հետաքննութեամբ, պնդելով, որ «Յանձնախումբը պէտք է անկողմնակալ ըլլայ»: Չիչեք յայտնեց, որ հարցը Իսրայէլի եւ միջազգային օրէնքի միջեւ է, եւ ոչ թէ՝ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի, որովհետեւ դէպքը միջազգային ջուրերու մէջ պատահեցաւ, նշելով, որ 32 երկիրներէ քաղաքայիններ կային նաւատորմիղին վրայ: Տեղի ունեցածը «պետութեան մը կողմէ գործադրուած ահաբեկչութիւն մըն է եւ պետական ծովահենութիւն», ըսաւ ան: Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Անգարա արդէն իսկ իր հաւանութիւնը յայտնած է թուրքէ մը, իսրայէլացիէ մը եւ երեք միջազգային մասնագէտներէ կազմուած միջազգային յանձնախումբ մը կազմելու՝ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի առաջարկին, որ ցարդ Իսրայէլի կողմէ կ՛անտեսուի:
Միւս կողմէ, թրքական մամուլը վկայակոչելով իսրայէլեան «Արուց Շեւա» օրաթերթը՝ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման հաւանութիւն տուած է «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին դէմ կատարուելիք գործողութեան՝ միաժամանակ նախազգուշացնելով, որ Ուաշինկթըն կտրուկ կերպով դէմ է չափազանց ուժի կիրարկման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.