ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Խորագրի տիտղոսին արժանիները գտնելը շատ դժուար չէ այս օրերուն, երբ կեղծիքն ու խաբեբայութիւնը դարձած են քաղաքական, տնտեսական ու նոյնիսկ ընկերային յարաբերութեանց բաղադրիչ տարրեր: Սակայն, Հինգշաբթի, Յունիս 17ին «Հիւրրիյէթ» թերթին մէջ լոյս տեսած լուրը յայտնաբերած է «արժանիներուն արժանին»՝ սուլթան Ապտուլհամիտ Բ.ի ծոռ՝ Օսման Օսմանլուօղլուն:
Ենթական գլխաւոր դէմքը դարձած է սուլթանին պատկանող 4200 կալուածները Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններէն ետ պահանջելու նպատակով բացուած գրեթէ անհաւատալի դատին, որուն առաջին նիստը տեղի ունեցած է անցեալ շաբաթ, իսկ յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 30ին, որուն հաւանաբար ներկայ ըլլան սուլթանին 48 շարաւիղները:
Մինչեւ 1974 Թուրքիա մուտք գործելու արտօնութիւն չունենալուն պատճառով, միայն անկէ ետք Սուրիայէն Պոլիս վերադարձած Օսմանլուօղլու նաեւ կը յայտնէ, թէ կալուածներուն փոխարէն պիտի «բաւարարուի» 18 միլիառ տոլարի դրամական հատուցումով, եւ կ՛աւելցնէ, թէ Թուրքիոյ մէջ իր հարցերը լուծելէ ետք, պիտի սկսի նման դիմումներ կատարելու նաեւ Յունաստանի, Իրաքի (ուր ան աչք ունի նաեւ Մոսուլի քարիւղի հանքերուն վրայ), Եգիպտոսի եւ սուլթանին կողմէ բռնագրաւուած այլ երկիրներու դատարաններուն:
Եթէ ժառանգորդները իսկապէս սուլթանին օրինական ժառանգորդները նկատուին, ապա հայերը եւ սուլթանին բռնարարքներուն զոհ գացած այլ ազգերու ներկայացուցիչները հասցէ մը պիտի ունենան դիմելու՝ իրենց վնասուց հատուցման պահանջները ներկայացնելու համար: