ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ անգլերէն լեզուով հատոր մը եւս՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի հեղինակութեամբ: Հատորին խորագիրն է «Ս. Ներսէս Շնորհալի եւ Եկեղեցւոյ Միութիւնը» (St. Nerces the Gracious and Church Unity):
Շուրջ 250 էջերու վրայ տարածուած գիրքը գրուած է իբրեւ Մագիստրոսի աւարտաճառ, 1974ին, ու ներկայացուած միաժամանակ՝ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանին ու Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին:
Գիրքը կը բաղկանայ երկու բաժիններէ: Առաջին բաժինին մէջ, վեհափառը կը ներկայացնէ Ս. Ներսէս Շնորհալիի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնը ու աստուածաբանական երկխօսութիւնը իր պատմաքաղաքական շրջագիծին մէջ. իսկ երկրորդ բաժինը կը բաղկանայ նշեալ երկխօսութեան առնչուած նամակներէ եւ աստուածաբանական, դաւանաբանական ու ծիսական բնոյթ ունեցող գրութիւններէ:
Իբրեւ երիտասարդ ուսանող իր պատրաստած այս երկու բաժիններուն, հայրապետը՝ այս անգամ իբրեւ կաթողիկոս, աւելցուցած է եզրափակիչ խօսք մը, ուր ան կը շեշտէ Ուղղափառ աշխարհին պատկանող երկու ընտանիքներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: Արդարեւ, ներկայ աշխատասիրութիւնը կարեւոր նպաստ մը կը բերէ այս ուղղութեամբ:
Գիրքը ձօնուած է երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, որուն քաջալերանքով, Արամ Ա. կաթողիկոս իր համալսարանական ուսումը կատարած էր Լիբանանի, Զուիցերիոյ ու Ամերիկայի մէջ: Իսկ գիրքը կը հրատարակուի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի մեկենասութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.