ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ «Համազգային»ի Գոլստըն ճեմարանը կը յայտարարէ, որ Դաշնակցային կառավարական կրթական յեղաշրջման ֆոնտի ծրագիրի ծիրէն ներս ապահոված է 850 հազար տոլար։ Այս գումարը պիտի յատկացուի զանազան նպատակներու համար օգտագործուելու կոչուած մարզական փակ կեդրոնի մը, որ պիտի ունենայ նաեւ հսկայ սրահ մը։ Սկզբնական, առաջին հանգրուանի աշխատանքները արդէն սկսած են եւ ճեմարանի ծնողներէն Շահէ Սիմոնեանի կողմէ՝ ձեւաւորուած։ Առաջին հանգրուանը կ՛ընդգրկէ փակ մարզադաշտ եւ մարմնամարզութեան կեդրոն՝ երկու պասքեթպոլի դաշտ, մարզուելու կեդրոն՝ իր բոլոր բաժանմունքներով։ Կը նախատեսուի, որ ծրագիրը աւարտի 2010ին կամ 2011ին։
Այս առիթով ճեմարանի տնօրէն Քայլար Միքայէլեան ըսաւ, որ կեդրոնը ո՛չ միայն ճեմարանի աշակերտութեան տարբեր տեսակի մարզաձեւեր կիրարկելու կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ, այլ նաեւ պիտի ծառայէ Սիտնիի եւ Աւստրալիոյ հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ՝ ոչ հայ անհատներու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.