ԹԵՀՐԱՆ.- Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդը Երեքշաբթի, Յունիս 15ի երեկոյեան վեց ներկայացուցիչներով, Հայկական Ուս. «Չհարմահալ» միութեան սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ նոյն միութեան, «Հուսկ» հաստատութեան եւ Հայ համալսարանականներու ընդհանուր միութեան վարչութիւններու, անդամ-անդամուհիներու ու բարեկամներու հետ:
Հանդիպման սկիզբը միութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց միութեան վարչութեան նախագահ Արշաւիր Քէշիշեան: Ապա Թեմական խորհրդի ատենապետ դոկտ. Աիդա Յովհաննիսան հակիրճ բացատրութիւններ փոխանցեց համայնքը յուզող հարցերու մասին: Դոկտ. Յովհաննիսեան նախ անդրադարձաւ արտագաղթի երեւոյթին, որուն հետեւանքով, հնարաւոր չէ անցեալին կառուցուած դպրոցներն ու կառոյցները օգտագործել՝ նախկին կարգավիճակով:
Դոկտ. Յովհաննիսեան նաեւ ներկայացուց տուեալներ՝ համայնքին մէջ գործող դպրոցներու իրավիճակին, աշակերտութեան թուային պատկերին, հայ պաշտօնական տեսուչներու պակասին, դպրոցներու խնդիրներու կարգաւորման ուղղութեամբ տարուած ու տարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ:
Ան անդրադարձաւ ազգապատկան կալուածներու լաւագոյն օգտագործման եղանակներուն եւ որոշ կալուածներու իրաւական կամ տարածքային դժուարութիւններու խնդիրին: Թեմական խորհուրդի ատենապետուհին թուարկեց նաեւ այն աշխատանքները, որոնք կը կատարուին կարիքաւոր ընտանիքներու համար՝ մասամբ պակսեցնելով անոնց կենցաղային ու առողջապահական դժուարութիւնները: Ան նաեւ հակիրճ բացատրութիւններ փոխանցեց համայնքին մէջ գործող ուսանողական ֆոնտերուն մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.