ՊԱՔՈՒ.- Ըստ ատրպեճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Մեւլուտ Չաւուշօղլու, ԵԽԽՎի ամառնային նստաշրջանի բացման նախօրէին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է. «ԵԽԽՎի ներկայ նստաշրջանին Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնախումբի վերականգնումը կը համարեմ հաւանական։ Այդ մէկը ժամանակակից հարց մըն է։ Ես մտադիր եմ հայաստանեան եւ ատրպեճանական պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն եւ պատուիրակութիւններու անդամներուն հետ հանդիպիլ»։
Ըստ անոր, մինչեւ տուեալ հարցին առնչութեան յստակ որոշում ընդունիլը, Ուրբաթ օր տեղի ունենալիք Բիւրոյի նիստին ընթացքին պիտի ներկայացուի զեկոյց մը։ Նշենք, որ ԵԽԽՎի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնախումբը, կառոյցի ղեկավար լորտ Ռասըլ Ճանսընի մահէն ետք դադրեցուցած էր իր գործունէութիւնը։
Միւս կողմէ, Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿի ներկայ նախագահ Քանաթ Սաուտապայեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Ղազախստան կարեւոր կը նկատէ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման գործընթացին մէջ։
Ըստ «Ղազինֆորմ»ի, Սաուտապայեւ նշած է. «Մենք չէինք կրնար չանդրադառնալ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին, որովհետեւ, իբրեւ ԵԱՀԿի մէջ նախագահող երկիր՝ լուրջ ջանքեր կը գործադրենք լարուածութեան մեղմացման ուղղութեամբ: Այս աշխատանքներուն մէջ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է»։
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, թէ Սաուտապայեւի հետ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննած են հնարաւորութիւնները, որոնք Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման կ՛առաջնորդեն։ «Կը կարծեմ, որ այս տարին, եւրասիական տարածքին վրայ կարելի է համարել Թուրքիոյ եւ Ղազախստանի տարի։ Երկու եղբայր երկիրները պիտի շարունակեն համատեղ աշխատանքը տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն, խաղաղութիւն եւ անդորր հաստատելու ուղղութեամբ», նշած է Տաւութօղլու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.